ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

Խորհրդարանի նախագահը կը հանդիպի երեսփոխաններուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու, որոնց շարքին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան երկու օրինագիծեր, որոնցմէ առաջինը, որ ներկայացուեցաւ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի կողմէ, կը վերաբերի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նախագահութեան նստաշրջանը երկարաձգելուն` մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը, իսկ երկրորդը կը վերաբերի Ռումիէի բանտին:

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի եւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին եւ Ռումիէի բանտին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներու ապրուստին վերաբերող շարք մը խնդիրներ:

Նիստէն ետք նշուեցաւ, որ խորհրդարանի դիւանը 10 օրուան ժամանակ յատկացուցած է ներկայացուած երկու օրինագիծերուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու եւ որոշ համախոհութեան մը յանգելու:

Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ է նշել, որ արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժար նկատել տուաւ, որ օրինական առումով խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին գումարումը ճշգրիտ է, սակայն քաղաքական առումով այդ մասին տարակարծութիւն կայ:

Յայտնենք, որ անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն օրէնսդրական նիստ մը գումարել:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահը ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վոլֆկանկ Թիերսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ չեն ձախողած:

Խորհրդարանի նախագահը զարմանք յայտնեց նաեւ, որ խորհրդարանը ընդհանուր ժողովի հրաւիրելու իր ճիգերուն դէմ յայտարարութիւններ կը կատարուին նոյնինքն այն կողմերէն, որոնք մնայուն կերպով կը պահանջէին այդ նիստին գումարումը:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած նման հանգրուանի մը պարագային երկրին սահմանադրութիւնը կ՛արտօնէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES