Ռաատ. «Թշնամիին Համար Պատրաստած Ենք Անսպասելի Անակնկալ Մը` Կազմակերպական Եւ Կարողութիւններու Առումով»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նշեց, որ Դիմադրութիւնը կազմակերպական եւ կարողութիւններու առումով թշնամի Իսրայէլի համար պատրաստած է անսպասելի անակնկալ մը, եթէ ան յանդգնի որեւէ յարձակում գործել Լիբանանի դէմ:

Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը արդէն իսկ մուտք գործած է դէպի յաղթանակներու դար մը, որուն ընթացքին ան պիտի շարունակէ իր նուաճումները:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Ռաատի միջեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու եւ չէզոք կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման յայտնած է, որ չէզոք մնալը կարեւոր է Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէ փրկելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )