Մուսթաքպալ Պլոքը Հըզպալլայէն Կը Պահանջէ Սուրիոյ Մէջ Կռուող Իր Զինեալները Տուն Կանչել

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:

Նիստէն ետք պլոքը յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Թամմամ Սալամի անունին առաջադրումը իբրեւ վարչապետ քաղաքական եւ տեղեկատուական խուսանաւում էր` նկատի ունենալով նոր կառավարութեան կազմութեան առումով այդ ուժերուն պարտադրած դժուար պայմանները:

Մուսթաքպալ պլոքը Հըզպալլայէն պահանջեց նաեւ Սուրիոյ մէջ կռուող իր զինեալները տուն կանչել եւ վերջ տալ Լիբանանը սուրիական տագնապին միջամուխ դարձնելու իր քայլերուն:

Մուսթաքպալ պլոքը Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի անդամներուն կռուելու քայլը նկատեց վտանգաւոր իրականութիւն մը, որ անպայման իր հետեւանքները պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )