Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Մէջ Քարիւղի Գոյութեան Մասին Տեղեկութիւնները 1975-էն Ի Վեր Առկայ Են»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ իր ստորագրած շաբթուան կեցուածքին մէջ նշեց, որ Լիբանանի մէջ քարիւղի հանքերուն գոյութեան մասին տեղեկութիւնները առկայ են 1975-էն ի վեր, երբ Ղասսան Քանսօ այդ մասին մանրամասն եւ ընդարձակ հետազօտութիւններ կատարած է:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ «գիւտը» նորութիւն կարելի չէ նկատել ներկայիս վերացական յաղթանակներ արձանագրել փորձող կարգ մը անձնաւորութիւններու համար:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ օրուան հանրապետութեան նախագահ Էլիաս Սարգիս սերտած է Ղասսան Քանսոյի պատրաստած ամբողջական տեղեկագիրը, սակայն լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին բռնկումին պատճառով առիթ չէ եղած զբաղելու այդ թղթածրարով եւ անիկա մոռցուած է:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերադառնալու Քանսոյի տեղեկագիրին եւ իմանալու անոր

կէտերն ու առաջարկները եւ ապա գործադրելու զանոնք, որովհետեւ անոնք տակաւին ժամանակակից կը մնան` քարիւղի հանքերու պեղման աշխատանքին համար:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ երէկ ներքին ապահովութեան ուժերուն գովքը հիւսեց` նշելով, որ նախանցեալ օր իր բնակարանը ուղղուելու ընթացքին ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ զինուոր մը քաղաքավար կերպով կեցուցած է իր ինքնաշարժը եւ իրմէ խնդրած, որ ապահովութեան գօտին զետեղէ:

«Իր պարկեշտութեամբ այդ զինուորը ինծի անմոռանալի դաս մը տուաւ», եզրափակեց ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES