Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական յստակ տեղեկագիրներ կան, թէ Լիբանան թիրախ պիտի դառնայ անձնասպանական գործողութիւններու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, ապահովական այդ տեղեկագիրները կը բովանդակեն բազմաթիւ տուեալներ, թէ այդ պայթումները եւ գործողութիւնները պիտի կատարուին Քայիտայի ոճով եւ պատասխանելու համար Քուսայրի մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի թիկնապահը` Հաշեմ Նասրէտտին իսրայէլացիներուն մօտիկ անձնաւորութիւն մըն է եւ կը գործակցի թշնամիին հետ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Աքուրայի մէջ զինուորական սարք մը կրող ինքնաշարժ մը պայթած է, երբ ան ականի մը վրայէն անցած է:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ֆորէյն Փոլիսի» օրաթերթը հրապարակեց տեղեկագիր մը Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու հաժ Իմատ Մուղնիէի սպանութեան մասին: Ըստ ամերիկեան տեղեկագիրին, Հըզպալլա կասկածներ ունի, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը օժանդակած է, որ 2008-ին Դամասկոսի մէջ պայթում մը թիրախ դարձնէ Մուղնիէն:

ՊԱՀՐԷՅՆԻ տեղեկատուութեան նախարար Սամիրա Ռաժապ Հըզպալլան ամբաստանեց Պահրէյնի մէջ տագնապ մը ստեղծելու յանցանքով. ան ընդգծեց, որ Հըզպալլայի անդամներ Պահրէյնի մէջ ահաբեկիչներ կը պատրաստեն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Քնեսեթի անդամ Պենիամին պըն Էլիազար շեշտեց, որ Սուրիա սկսած է Հըզպալլայի տրամադրութեան տակ դնել քիմիական զէնքեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մէջ ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ իր գործած սխալները ընդունելու պատրաստակամութիւն բնաւ չունի, այլ ան մնայուն կերպով կը փորձէ յանցանքը այլոց վրայ բեռցնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը բանակին վստահուած է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Պընթ Ժպէյլի վերեւ ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ կատարեց` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէնէն աւելի ծայրայեղ է եւ երեսուն տարի շարունակ քրիստոնեաներուն իրաւունքներէն օգտուած:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի  Խրէյս յայտնեց, որ 15 մայիսին գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստը վճռորոշ պիտի ըլլայ. ան մաղթեց, որ այդ նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ յանգիլ համախոհական ընտրական օրէնքի մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանին թեքնիք երկարաձգումը պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ կարելի ըլլայ ընտրական համախոհական օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին երեսփոխան Ղասսան Աշքար Ղովմի կուսակցութեան ներկայացուցած է իր անձնական փաստաթուղթերը, որպէսզի կուսակցութեան անունով իր թեկնածութիւնը առաջադրուի Հիւսիսային Մեթնի շրջանին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ համախմբումը կը վստահի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին շուրջ Պքերքէի մէջ գոյացած համախոհութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES