Ուժգին Պայթում` Դամասկոսի Մարժէ Հրապարակին Վրայ
Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ հզօր պայթում մը ցնցեց Դամասկոս մայրաքաղաքը, ուր ականուած ինքնաշարժի պայթում մը տեղի ունեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան նախկին պատմական շէնքին մօտ` Մարժէ հրապարակին վրայ, որ կը նկատուի մայրաքաղաքի առեւտրական կարեւորագոյն կեդրոնը:
Մարժէ շրջանին մէջ կը գործեն պետական շէնքեր, միջին կարգի պանդոկներ եւ շուկայ մը, ուր կը գտնուին նաեւ կարգ մը դամասկահայերու վաճառատուները:
Զանազան կողմեր դատապարտեցին ահաբեկչական պայթումը, սակայն տակաւին ոչ մէկ կողմ ստանձնեց պատասխանատուութիւնը:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ահաբեկչական պայթումը պատճառած է 14 զոհ եւ մօտ 70 միջակ եւ ծանր վիրաւորներ:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ պայթումին պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած է մէկ դամասկահայ, որ հիւանդանոցը բուժում ստացած է, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ կրած են դէպքին վայրը գտնուող կարգ մը դամասկահայերու վաճառատուները:
Միւս կողմէ, օրուան երկրորդ կիսուն կրակոցներու ձայներ կը լսուէին մայրաքաղաքի արեւելեան Զապլաթանի, Ժոպար եւ Քապուն շրջաններէն, ինչպէս նաեւ հրասանդի հրթիռներ ինկած են տարբեր թաղամասերու վրայ:

