Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Նուիրուած Յուշահամերգ

Երկուշաբթի, 29 ապրիլին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուշահամերգ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 98 տարի ետք Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը մնայ բաց, քանի որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած յանցագործութեան հետեւանքները չեն ջնջուած: Դեսպան Քոչարեան ընդգծեց, որ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները չունին վաղեմութեան ժամկէտ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Ցեղասպանութեան շարունակութիւն է եւ պէտք է խստիւ դատապարտուի մարդկութեան կողմէ:

Դեսպան Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս Լիբանանին, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան բարձր գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ: Դեսպանը շեշտեց, որ հայերը` իբրեւ հաւաքական ազգ եւ իբրեւ պետութիւն, պիտի շարունակեն իրենց պայքարը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ Ցեղասպանութեան բոլոր դրսեւորումները բացառելու ուղղութեամբ: Ան ընդգծեց համակարգուած գործողութիւններու կարեւորութիւնը:

Ձեռնարկին հայ նախարարներու եւ երեսփոխաններու կողքին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըգեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի ներկայացուցիչ դեսպան Ռոպեր Նաում, երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ Ղասսան Մուխայպեր, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամներ, մշակոյթի նախարարի խորհրդական Միշել տը Շատարեւեան, Չեխիոյ, Կիպրոսի, Հոլանտայի, Քոլոմպիոյ, Հարաւային Քորէայի, Ուրուկուէյի, Վենեզուելայի, Ռուսիոյ, Նորվեկիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Վատիկանի եւ Պուլկարիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Չինաստանի եւ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարները, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը, Հայաստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Կապրիել Ժէարան:

 

 

 

 

 

 

 

Դաշնակահարներ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի, Թամար Յովհաննիսեանի, Ժաննա Սահակեանի, Տաթեւիկ Արթինեանի, խմբավար, տուտուկահար Զաքար Քէշիշեանի, ջութակահարներ Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաններու եւ երգիչ Գէորգ Պեպեճեանի կատարողութեամբ հնչեցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Հենտելի, Պախի, Վիվալտիի, Վաժա Ազարաշվիլիի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ ժողովրդական երգեր:

Աւարտին հիւրերը իրենց գրառումները ձգեցին Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման յուշամատեանին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )