«Ուղղափառ Հանդիպումին Մշակած Օրինագիծը Միակն Է, Որ Հաւասարութիւն Եւ Համերաշխութիւն Կ՛ապահովէ» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը միակն է, որ հաւասարութիւն ու համերաշխութիւն կ՛ապահովէ եւ ատակ է խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քուէարկութեան ենթարկուելու:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ անհրաժեշտ է նախ կառավարութիւնը կազմել եւ ապա նախարարութիւններուն ստանձնումը ճշդել:

 

Share this Article
CATEGORIES