Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Դարձեալ Բողոքի Ցոյց Մը Կազմակերպեցին
Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ Կեդրոնական Պէյրութի թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին` նշելով, որ շուրջ տարի մը ետք թրքական իշխանութիւնները տակաւին իրենց ազդու միջամտութիւնը չեն կատարած` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով:
Առեւանգուածներուն հարազատները հաստատեցին նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր կարգին պէտք եղած աշխատանքը չի տանիր այդ թղթածրարին առումով:
Նշենք, որ այս առիթով ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ ունեցաւ երկարատեւ հանդիպում մը:
Հանդիպումէն ետք Շարպել եւ Էօզեըլտըզ մերժեցին յայտարարութիւն կատարել:
CATEGORIES Լիբանանեան