Պըրրի Ժեմայէլի Եւ Ֆաթֆաթի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որոնց հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը:

Միւս կողմէ, լիբանանեան տարբեր օրաթերթերուն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` նախքան 15 մայիսի խորհրդարանի լիագումար նիստը:

«Կառավարութիւնը պէտք է կազմուի, նոյնիսկ եթէ կարելի չըլլայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել, միաժամանակ սակայն, պէտք է ըսել, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան գոյացումը կը նպաստէ կառավարութեան կազմութեան` նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը նախ եւ առաջ հերթին պիտի ըլլայ ընտրութիւններու կառավարութիւն եւ անոր կեանքը կարճ պիտի ըլլայ», ըսաւ Պըրրի:

Լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերուն գոյութեան եւ պեղումներուն նկատմամբ ցուցաբերուած լիբանանեան պաշտօնական անտարբերութեան ու ձգձգումի քաղաքականութեան առումով Պըրրի իր զայրոյթը յայտնեց: Ան նկատել տուաւ սակայն, որ իր կարծիքով, Իսրայէլ պիտի չյանդգնի Լիբանանի իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարել, որովհետեւ նման պարագայի մը Իսրայէլ պիտի ըլլայ վնասուող կողմը:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի պարագային Լիբանան պիտի հակազդէ եւ պիտի չհրաժարի ծովային վիճելի տարածքին մէջ գտնուող քարիւղի իր իրաւունքէն: Ան աւելցուց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը Լիբանանի ծովային սահմանագծումին առումով սխալ գործած է, եւ մինչեւ օրս Լիբանան այս սխալին գինը կը վճարէ: Բայց եւ այնպէս կ՛աշխատինք սրբագրել այդ սխալը եւ վերատիրանալ Լիբանանի իրաւունքին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի ճամբուն վրայ խորհրդարանի նախագահը սպանութեան թիրախ դարձնելու ծրագիր մը բացայայտուած է` ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )