«Լիբանանի Քաղաքական Հաստատութիւններէն Կը Պահանջուի Գործադրել Ազգային Եւ Սահմանադրական Աշխատանքները» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ընդունեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նախարար պաշտօնակատարներ Ալի Քանսօ, Ալի Հասան Խալիլ, Ժըպրան Պասիլ, Մարուան Խէյրէտտին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլ:
Հանդիպումին մասնակիցներուն աղբիւրները «Նաշրա» կայքէջին յայտնեցին, որ հանդիպումը դրական էր, սակայն չյանգեցաւ ամբողջական համաձայնութեան մակարդակին: Դարձեալ ըստ «Նաշրա» կայքէջին, Մարտ 8-ի պատուիրակութիւնը վարչապետ Սալամին պնդած է կառավարութեան մէջ որոշումները արգելակող մէկ երրորդի իրաւունքը ունենալու պահանջը, սակայն վարչապետ Սալամ մերժած է այս պահանջը:
Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ ուղղուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի մօտ` քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան ընթացքին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին կապուած մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ Ամալ շարժումին եւ Մարատայի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ իւրաքանչիւր հանգրուանի աւելի եւս կ՛ամրապնդուին:
Խալիլ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կրնայ լուրջ պատասխանատուութիւններ ստանձնել:
Նշենք, որ Աշխատաւորներու օրուան առիթով վարչապետ Սալամ լիբանանցի աշխատաւորներուն ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական հաստատութիւններէն կը պահանջուի գործադրել ազգային եւ սահմանադրական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ դիմադրել ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն:
Սալամ ընդգծեց, որ երկրին ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն բարելաւումը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ճիգերուն կը կարօտի` աւելցնելով, որ Լիբանանի աշխատաւորական մարզը կենսունակ է:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ անհրաժեշտ է երկրին աշխատաւորական մարմինը հզօրացնել եւ զայն անջատել ամէն տեսակի պատկանելիութենէ կամ կողմնակալութենէ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որ Սալամի յանձնեց եգիպտական կառավարութեան կողմէ նամակ մը:
Համտի Սալամի յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած պարտականութեան մէջ:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

