Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Մազզէի Եւ Մարժէի Պայթումները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Մազզէի մէջ Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի դէմ գործուած մահափորձը, ինչպէս նաեւ Մարժէի հրապարակին վրայ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց արձանագրուած երէկուան պայթումը:
Նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց ականուած ինքնաշարժին պայթումին պատճառած զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ բռնարարքները չեն կրնար լուծումներ ապահովելու միջոցներ նկատուիլ, այլ` կը բարդացնեն տագնապը:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց ազգային երկխօսութեան իր պահանջը` յանգելու համար ազգային շահերը իրականացնող քաղաքական լուծման:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Կապի Լայեունը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրայի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան եւ խորհրդարանի յատուկ զարգացումները, յատկապէս ընտրական օրէնքի մշակումին իմաստով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար եւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ:


