«Սուրիոյ Բարեկամ Երկիրները Թոյլ Պիտի Չտան, Որ Սուրիա Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Զոհ Դառնայ» Կ՛ըսէ Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ լիբանանեան զարգացումներուն:
Սէյիտ Նասրալլա կարգ մը տարբերակներ ներկայացուց Իսրայէլ մուտք գործած օդանաւին մասին, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ վար առնուած էր: Ան ըսաւ, որ Հըզպալլա չէ ստեղծած այնպիսի նախընթաց մը, որ իր կատարած գործունէութիւնները հերքէ: «Մենք պատմութիւն ունինք եւ այդ է մեր վկան», ըսաւ Նասրալլա` շեշտելով, որ իրենք թշնամի Իսրայէլին դէմ իրենց գործած քայլերուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն: Ան հաւանական նկատեց եւ հեգնանքով ակնարկեց այն իրականութեան, որ Իսրայէլ կրնայ ինք ուղարկած ըլլալ այդ օդանաւը եւ ապա վար առած ըլլալ զայն` արձանագրելու համար քաղաքական, բարոյական եւ տեղեկատուական նպատակներ:
Անդրադառնալով Քուսէյրի մէջ զոհուած Հըզպալլայի նահատակներուն թիւին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ իրենք մնայուն կերպով կ՛ապրին հոգեբանական պատերազմի մէջ, «սակայն դժբախտաբար արաբական աղբիւրներ աճուրդի վերածեցին այդ թիւը եւ ըստ երեւոյթին մենք մինչեւ օրս հազար նահատակ ունինք: Եթէ նկատի ունենանք, որ Հըզպալլա հինգ հարիւր զոհ տուած է միայն, ապա ինչպէ՞ս կրնանք պահել զանոնք եւ գաղտնի թաղել», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Սուրիոյ վարչակարգը պիտի չտապալի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ բարեկամ երկիրները պիտի չարտօնեն, որ Սուրիա Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու զոհը դառնայ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Քուսէյրի բնակիչները իրաւունք ունին ինքնապաշտպանութեան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ անխոհեմութեան պարագային Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ պիտի պայքարի անոր դէմ` զայն յաւելեալ անակնկալներու մատնելով:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք պիտի զօրակցին առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին լուծման` պահանջելով վերջ տալ այդ թղթածրարին քաղաքականացումին:

