Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պտոյտ մը եւ «դուրս ելլել» մը պիտի ունենաք երեկոյեան: Խուսափեցէք ալքոլ գործածելէ եւ ուշ տուն վերադարձէ: Չափաւոր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հարցեր ունիք անկեղծութեամբ արտայայտուելու: Այս հարցը կրնայ դժուար թուիլ, բայց կրնաք դուք ձեզ պաշտպանել դիւրութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճամբորդելու փափաք ունիք: Օգտագործեցէք ձեր արձակուրդի օրերը: Ժամանակը յարմար է նման փափաք մը իրականացնելու: Ուրախ մնացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք ձեր դրամին: Վաճառատուներու ցուցափեղկերուն առջեւ շատ մի՛ յամենաք: Դրամը կը սահի ձեր ձեռքէն անզգալաբար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երկխօսութիւն մը ունեցէք ձեր սիրելիին հետ: Զգացումները երբ արտայայտուին, կը դիւրանան հարցերուն լուծումները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շաբաթավերջը մօտ է, մտածեցէք պտոյտի մը կամ հանգիստի մասին: Տան մէջ կամ դուրսը կրնաք անցընել շաբաթավերջը: Որոշեցէք այսօր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մարզանք կատարեցէք, բայց` ըստ ձեր մարմնին կարողութեան, առանց ծանր մարզաձեւեր որդեգրելու: Քալելը, օրինակի համար, հիանալի է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամը միշտ պէտք է ընտանիքին պէտքերը հոգալու համար: Հեռու մնացէք աւելորդ ծախսերէ, որպէսզի կարենաք ապահովել պէտք եղածը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծնողները դժուարութիւն պիտի ունենան իրենց անչափահաս զաւակները համոզելու: Անոնք պտոյտ կ՛ուզեն անշուշտ, գոհացուցէք զանոնք, դուք եւս կ՛ուրախանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձգտումը ունիք անհաշիւ ծախսելու, հետեւաբար ձեւ մը գտէք զսպելու համար մսխումը: Կրնաք նեղի մատնուիլ անհոգութեան պատճառով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Իւղոտ կերակուր մի՛ ուտէք: Որկրամոլութենէ հեռու մնացէք: Կերէք չափաւոր, քնացէք ճիշդ ժամանակին: Պահեցէք չափաւորութեան ձեւը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առողջութիւնը փխրուն է, հետեւեցէք ձեզի թելադրուած խրատին: Օդի փոփոխութեան պարագային եւս զգուշ եղէք: Մտածեցէք մարզանքի մասին:

