50 Տարի Առաջ (3 Մայիս 1963)

Ապրիլ 24-ը Երեւանի Մէջ

Ապրիլ 24-ի առաւօտ, նահատակաց տօնին օրուան առիթով, Երեւանի ձայնասփիւռը հաղորդագրութեան մը ընթացքին ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակները:

Գոհար Գասպարեան երգեց «Հայաստան» ու «Կիլիկիա»: Կարդացուեցաւ Հրաչեայ Քոչարի մէկ գրութիւնը, ուր կ՛ոգեկոչուին մեր բիւրաւոր նահատակները, Համիտի օրերէն մինչեւ Տէր Զօր:

Այցելութիւններ Ազգային Բուժարան

Ազգային բուժարանին խնամակալ վարչութիւնը կը հաղորդէ.-

Ս. Զատկուան տօնին առիթով այս տարի ալ, ինչպէս ամէն տարի Այնճարի Հայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղը ապրիլ 10, չորեքշաբթի բուժարան այցելեց: Միութեան անդամները բոլոր հիւանդներուն այցելելէ ետք հետեւեալ նուիրատուութիւնը ըրին:

1000 հաւկիթ, 40 քիլոկրամ պտուղ, 25 քիլոկրամ անուշեղէն:

Խնամակալութիւնը այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայ օգնութեան խաչի Այնճարի մասնաճիւղի ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք ամէն տարի կ՛այցելեն բուժարան` հիւանդները ուրախացնելու գեղեցիկ գաղափարով:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին բուժարան այցելեց նաեւ Պէյրութի Հայ աւետ. քոլեճին երգչախումբը: Խումբին ղեկավարն էր տոքթ. Է. Էլմաճեան: Երգչախումբը երգահանդէս մը տուաւ պատսպարեալներուն եւ պաշտօնէութեան: Յայտագիրը բաղկացած էր հայկական երգերէ, Ալէմշահէ, Կանաչեանէ, Կոմիտաս վարդապետէ, Սաթեանէ, Ալթունեանէ, Կարա Մուրզայէն եւ Զ. Գիւզալեանէ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէն Կիւզելիմեանի:  Յայտագիրը վերջ գտաւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:

Խնամակալութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ տոքթ. Էլմաճեանին, ինչպէս նաեւ` երգչախումբին անդամներուն, որ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին բուժարան գալու եւ ուրախացնելու հիւանդներն ու պաշտօնէութիւնը:

– Կիրակի, 14 ապրիլ, Ս. Զատկուան օրը քեմանչիստ Ռուբէն բուժարան այցելեց եւ շքեղ նուագահանդէս մը տուաւ: Շրջապատուած հիւանդներէն եւ բուժարանի անձակազմէն, ան գործադրութեան դրաւ խնամուած եւ ճոխ յայտագիր մը` բաղկացած հայկական կտորներէ: Ան յուզումով եւ ապրումով կը նուագէր:

26 ապրիլ 1963 Պէյրութ

Կեանքը Շթորայի Մէջ

Վեհափառին վախճանման պատճառով յետաձգուած «Վարդանանց»-ի ներկայացումը եւ «Հրաշալի յաղթանակը» Շթորայի մէջ ներկայացուեցաւ Պէյրութի քուլիսականներու թատերախումբին կողմէ, 21 ապրիլին, ի նպաստ «Աղբալեան» վարժարանի:

«Աղբալեան» վարժարանին օգտակար ըլլալու ազնիւ նպատակով հոս եկող երիտասարդ բոլոր դերակատարները յաջող էին իրենց ստանձնած դերերուն մէջ:

Ներկայացման ամփոփ իմաստն էր, յոյսի տեսլիք մը, մահուան մէջէն եւ փառաբանութիւն անոնց, որոնք յոյսի ճամբան կը հարթեն: Հզօր եւ արիասիրտ ընդվզում մը` կռապաշտութեան դէմ: Կա՞յ աւելի սուրբ գործ մը, քան` ազատութեան եւ անկախութեան պայքարը, քան` այն պայքարը, որ կը մղուի հաւաքական ազատագրութեան համար:

Աւարայրի պատերազմին իսկական արժէքը կը ներկայանայ ոչ թէ ճակատամարտի ելքին, այլ այդ ելքը խորհրդանշող պայքարին մէջ: Այդ մասին բանախօսեց այս տողերը գրողը:

Պատմութիւնը ամէնէն ուղիղ եւ ապահով ճանապարհն է անցեալը լուսաւորելու եւ ապագան յստակօրէն գուշակելու համար:

Զահլէէն ներկայ եղան հայ ազգայիններ, որոնցմէ Հաննա Գասարճեան քսան եւ հայ օգնութեան խաչի վարչութիւնը տասը ոսկի նուիրատուութիւններ ըրին, իսկ Այնճարի հայ օգնութեան խաչի վարչութիւնն ալ` տասնհինգ ոսկի: Շթորայէն Կարապետ Թանաշեան` 5 ոսկի: Պէտք չէ մոռնանք «Աղբալեան» վարժարանին չքաւոր աշակերտութիւնը: Հանդիսականները բաժնուեցան ուրախ եւ գոհ տպաւորութեան տակ:

Գ.Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ

1963 Ապրիլ 22
Շթորա

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )