«Հայ Ենք Մենք» Երաժշտախառն Թատրոնը Երկրորդ Եւ Երրորդ Ելոյթներով

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը իր քառորդ դարեայ պատմութեան ընթացքին եղած է կրթական ա՛յն օճախը, որ հայ աշակերտին ջամբած է ուսում եւ կրթութիւն, անոր սորվեցուցած է ապրիլ հայօրէն եւ տէր կանգնիլ իր մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն:

Այս հրամայականին հիման վրայ գործելով` վարժարանը լիբանանահայ հանրութեան ներկայացաւ «Հայ ենք մենք» երաժշտախառն թատրոնով, որ հանդիսատեսին կը փոխանցէր հայկական հարուստ աւանդութիւնները, որոնք մեզի կտակուած են մեր նախահայրերէն եւ որոնց պահպանման համար հարկ է խնայել ոչ մէկ ճիգ:

Վարժարանի քիմիագիտութեան ուսուցիչ Յովիկ Յակոբեանի բեմադրութեամբ սոյն թատրոնը առաջին ելոյթով բեմ բարձրացաւ 12 ապրիլին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Լիբանանի հայրենակցական միութիւններու հետ համագործակցութեամբ: Քաջալերուած արձանագրուած յաջողութենէն` թատերախումբը ունեցաւ երկու յաւելեալ ելոյթներ. ուրբաթ, 26 ապրիլին, առաջինը` առաւօտեան, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, հանդիսատես ունենալով լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները, իսկ երկրորդը` երեկոյեան, Ռաուտայի Էհլան ընկերային ծառայութեան կեդրոնի բեմին վրայ:

Հայկական վարժարաններու աշակերտներուն ներկայութեան, Լիւսի Տէօքմեճեան բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ` «Պատմական Հայաստանէն մեզի հասած աւանդութիւններու արժէքին քաջ գիտակցելով եւ անոնց անգնահատելի հարստութիւնը պահպանելու նպատակէն մեկնելով` վարժարանին այս ձեռնարկը կու գայ հայկական միասնականութեան խորհրդանիշները ամրապնդելու եւ մեզ առաւել եւս կառչած պահելու մեր արմատներուն»: Էհլանաբնակ հայորդիներուն ներկայութեան Մարգրիտ Ազատեան բացման խօսք կատարելով` ըսաւ. «Հայկական հարուստ աւանդութիւններուն ու դարաւոր ժառանգութեան կտակը սերունդէ սերունդ փոխանցելը պարտականութիւնը կը համարուի արտասահմանի մէջ գործող բոլոր հայկական, կրթական, մշակութային եւ միութենական հաստատութիւններուն»:

Երկու ելոյթներն ալ արժանացան զոյգ հանդիսատեսներուն բուռն ծափահարութեան եւ գնահատանքի խօսքերուն:

Իր խօսքին մէջ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, որ` «Եղեռնեան ոգեկոչումներու օրերուն, այս հայաշունչ թատերական ներկայացումը կու գայ փաստելու մեզ բնաջնջել ցանկացող թշնամի թուրքին, որ մենք վերապրած ենք եւ կը գոյատեւենք ու պիտի շարունակենք մեր երթը եւ մեր պահանջատիրութիւնը մինչեւ արդար հատուցում»:

Իսկ փակման խօսքով Մանուէլ եպս. Պաթաքեան ըսաւ, թէ` «մեր պապիկներուն ապրած կեանքի յիշատակումը արուեստի միջոցով մեր մէջ յուզումներ կ’արթնցնէ: Այս ներկայացումը ինքնին պատգամ մըն է մեր աշակերտներուն, յաղթե՛րգ է այն իմաստով, որ մեր պատմութիւնը գիտնալով եւ մեր հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելով` մենք կրնանք մեր Դատը պաշտպանել: Աւանդութիւնները պահելով` մենք լաւագոյն վրէժը պիտի առնենք զանոնք իրենց արմատէն ջնջել փորձող բարբարոս թուրք ցեղէն»:

Իսկ Էհլանի կեդրոնին մէջ Անի Պուճիքանեան իր սրտի խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարժարանին կազմակերպութեամբ այս ձեռնարկը, շնորհաւորեց բոլորը` տնօրէնութիւն եւ թատրոնի յանձնախումբ, եւ ըսաւ, թէ` «այսօր մեզի ներկայացուեցաւ այն հարազատ կեանքը եւ աւանդութիւնները, զորս ապրած են մեր նախահայրերը մեր հայրենի հողերուն վրայ, Ցեղասպանութենէն առաջ: Արուեստի միջոցով նորահաս սերունդին մեր ազգային աւանդութիւնները փոխանցելը եւ անոնց հանդէպ կառչածութիւն ստեղծելը շնորհաւորելի աշխատանք մըն է, որովհետեւ այսպիսով անոնց մէջ կը թրծուի ազգային միասնականութեան ոգին»: Ան նաեւ այս առիթով գիրք նուիրեց տնօրէնուհիին, բեմադրիչին, բնագիրի հեղինակին եւ քուլիսներու ետին միշտ ներկայ եղող վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբի ատենապետո Լիզա Հատեճեանին:

Իսկապէս գնահատելի աշխատանք մըն էր «Հայ ենք մենք» արուեստի գործը: Մաղթենք, որ յառաջիկային կը տեսնենք նման յաջող թատերական ներկայացումներ:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES