Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ
Հայ ժողովուրդը, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, ամէն տարի ապրիլ 24-ին կը նշէ թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Առ այդ, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2013-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը յիշատակեց ապրիլեան զոհերը, յարգանքի տուրք մատուցելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարգրիտ Ազատեան, որ շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, թէ «հակառակ գործադրուած ցեղասպանութեան` հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ շնորհիւ իր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին»: Ան ըսաւ, թէ` «բոլոր աշակերտները ոչ միայն կը նշեն նահատակներուն յիշատակը, այլ այս հայաշունչ յարկին տակ կը խոստանան վառ պահել Հայկական հարցին ջահը»: Ան իր խօսքը փակեց` ըսելով. «Մենք ենք արդարութեան ժառանգորդները, մենք ենք հայու ապագան»:
Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սոնիկ Փամպուքեանի, վարժարանին երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ երեք երգերով` «Զարթիր լաօ» (կիթառի նուագակցութեամբ Յակոբ Փամպուքեանի), «Զարթիր որդեակ» (ջութակի նուագակցութեամբ Գէորգ Ներսէսեանի) եւ «Հայաստան»:
Ապա փունջ մը բանաստեղծութիւններով 5 աշակերտներ կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին, ուր ապրիլեան տխրութիւնը վերափոխեցին ապրելու կամքին, միաբերան ըսելով թուրքին, թէ ինք անպայման «պիտի իյնայ» ու մեր ազգը պիտի ապրի ու ըլլայ գոյութեան բեղմնաւոր սերմեր:
Դ. դասարանի ներկայացուցած Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր` հայրենի տուն» բանաստեղծութենէն ետք բեմ բարձրացաւ օրուան պատգամաբեր, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, որ իր խօսքը համեմեց բանաստեղծութիւններէ առնուած տողերով: Ան ըսաւ, թէ` «այնքան ատեն որ «Զարթիր լաօ, մեռնիմ քեզի» կ՛երգենք, մենք չենք մեռնիր: Ապրիլ 24-ը ողբալու համար չէ, այլ` նոր ուժով շարունակելու մեր պայքարը մինչեւ յաղթանակ, երդուելով հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներուն ու յիշեցնել աշխարհին, որ հայ ենք մենք»: Ան պատգամեց ապրելու կամքը դրսեւորել հայերէն խօսելով, հայերէն լսելով, հայերէն երգելով եւ հայերէն պարելով, ինչպէս նաեւ մերժելով թրքական բարքերը` լեզուն, արտադրութիւնները, հեռատեսիլային յայտագիրները, եւ այլն: Ա. Եփրեմեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ «մենք կոչուած ենք ճանչնալու մեր պատմութիւնը եւ արդար պայքարի ոգին միշտ կենդանի պահելու մեր մէջ»:
Գ. դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Ուխտ` Արարատին» բանաստեղծութիւնը` ուխտելով երբեք չմեռնիլ ու յաւերժ ապրիլ: Անոր յաջորդեց 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մեղրի Ճիլաքեանի մենապարը` «Կիլիկիա» երաժշտութեան կշռոյթներուն վրայ: Այնուհետեւ Ա. եւ Բ. դասարանի աշակերտները ասմունքով բեմ բարձրացան, իսկ յայտագրի վերջին բաժնին մէջ պար-կենդանի պատկերով խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Երգ համայն աշխարհի հայութեան», որուն մէջ կար յարութիւն առած հայ ժողովուրդի նոր սերունդին բարձր ձայնը, որ հպարտութեամբ կը բարձրացնէր հայկական դրօշը եւ կ՛ուխտէր հաստատ քայլերով շարունակել մեր պահանջատիրութեան երթը:
Աւարտին, բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ազգաշունչ յայտագրի պատրաստութեան համար եւ ըսաւ, թէ` «ցեղասպան թուրքին ծրագիրը ձախողած է, եւ անոր փաստն է մեր գոյութիւնը: Մենք ամէն տարի կը յիշատակենք, կը խոնարհինք անոնց յիշատակին, «Հայր Մեր» կը բարձրացնենք, բայց նաեւ կը վերանորոգենք պահանջատիրութեան մեր ուխտը»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին` ներկայ ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած պատարագներուն եւ հանդիսութիւններուն, յարգանքի տուրք մատուցելու անոնց անթառամ յիշատակին:
Հուսկ, Ռ. Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը, որ պահպանիչով փակեց օրուան ոգեկոչումը:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

