Համագաղութային Ոգեկոչում Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ
«Ներում չկա՛յ առանց արդարահատուցման…».
Այս էր փաստացի մթնոլորտը Մոնթեպելլօ քաղաքի «Պիքնել փարք»-ի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ուր հազարաւոր հայորդիներ եկած էին ոգեկոչելու եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին, չորեքշաբթի, ապրիլ 24-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին մօտ, ներկայութեամբ քաղաքական դէմքերու, համայնքի ներկայացուցիչներու, գաղութի բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 3000 հայորդիներու:
Միացեալ մարմինին կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թոմ Ալեքսանեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները` նշեց, թէ անցած չորս տարիներու ժրաջան աշխատանքով, ներկայիս Միացեալ մարմինը կ՛ընդգրկէ աւելի քան 50 միութիւն եւ կազմակերպութիւն: Ապա ան հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտները, որպէսզի կատարեն դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք, խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան երգչախումբը կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները:
Օրուան հանդիսավարն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր վարիչ Ուիլիըմ Պայրամեան, որ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց յուշահանդէսի պաշտօնական հրաւիրեալները, որպէսզի իրենց խօսքը եւ պատգամը փոխանցեն ներկաներուն:
Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրացուցած խոչընդոտներուն` արգելք հանդիսանալու համար հայութեան յառաջընթացին: Հիւպատոսը շեշտեց, որ այդ բոլորը հաստատօրէն ապարդիւն պիտի անցնին:
Միացեալ մարմինի անդամ, Հայկական միացեալ ֆոնտի ներկայացուցիչ Յարութ Սասունեան ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը` Բրիտանիոյ քաղաքացի, միջազգային իրաւաբան եւ դատաւոր, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողմնակից, մարդկային իրաւանց օրէնքի դասախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսընի հակիրճ կենսագրականը, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր Միացեալ մարմինին յատուկ հրաւէրով, եւ ապա բեմ հրաւիրեց զայն, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը:
Օրուան բանախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսըն ամփոփ ձեւով խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ իր կատարած հետազօտութիւններուն մասին` շեշտելով մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման փաստացի իրականութիւնները եւ ապա շեշտելով այն ճշմարիտ իրողութիւնը, թէ` «կարելի չէ ներել թուրքին` առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարահատուցման»:
Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հրաւիրեալներու շարքէն ամերիկեան քաղաքական անձինք, որոնք ցաւակցելէ ետք ներկաներուն, վստահեցուցին, թէ իրենք հայ գաղութի կողքին պիտի պայքարին, մինչեւ որ ամերիկեան կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստացի իրողութիւնը: Քաղաքական դէմքերու շարքին էին` Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, նահանգային կրթական վերահսկիչ Թամ Թորլաքսըն, նահանգի ելեւմուտքի ընդհանուր վերահսկիչ Ճան Չիէնկ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ, Լոս Անճելըս քաղաքի իրաւաբան Գարմեն Թրութենիչ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ուենտի Կրուլ եւ Փոլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ` քաղաքական այլ դէմքեր:
Միացեալ մարմինին անունով Րաֆֆի Համբարեան` անգլերէնով, իսկ Հրաչ Սեփեթճեան հայերէնով ելոյթ ունեցան եւ իրենց ոգեւորիչ խօսքերով ներկաները ներշնչեցին միասնականութեամբ ոտքի կանգնելու ու պայքարը շարունակելու` յանուն մեր ազգի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման:
Միացեալ մարմինի անդամ, Հայ իրաւաբաններու միութեան ներկայացուցիչ Կարօ Ղազարեան խօսք առնելով` ներկաները վստահեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը կը մտնէ նոր փուլ. ան աւարտեց իր խօսքը` կանչելով այն բոլոր քաջ հայորդիները, որոնք պատրաստ են դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները, առանց նահանջի, մինչեւ յաղթանակ:
Ձեռնարկի աւարտին Միացեալ մարմինի քարտուղար Արուս Ղազարեան կարդաց Միացեալ մարմինի անդամ կազմակերպութեանց անունները, որոնք գաղութին հոգեւոր յարանուանութիւններուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց, ուր ներկայ հոգեւորական դասը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց` եզրափակելով Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած յուշահանդէսը:
Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի, ապրիլ 22-ին, Միացեալ մարմինը կազմակերպած էր ընթրիք-երեկոյ մը` ի պատիւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ ամեակի ոգեկոչման գլխաւոր բանախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսընի, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր նոյն օրը: Ընթրիքի երեկոն տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ուր կը գտնուէին աւելի քան 200 անձեր` ներկայացնելով Միացեալ մարմինի անդամ միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Թոմիկ Ալեքսանեանը, իսկ Միացեալ մարմինի համանախագահ Ժան Գոսագեան ներկայացուց Միացեալ մարմինին կառոյցը եւ աշխատանքի եղանակը: Գեղարուեստական յայտագիրով, Միացեալ մարմինի համանախագահ Դաւիթ Սամուէլեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի, ներկաներուն հրամցուց փունջ մը հայկական եւ ազգային երգեր:
Երեկոն անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. ներկաները առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու գլխաւոր բանախօսին, որ իր կարգին ուրախութեամբ գնահատեց անոնց ներկայութիւնը ի պատիւ իրեն:
(Թղթակցութիւնը` Միացեալ Մարմինի Դիւանէն)

