Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ` Սերոբ Յակոբեանի Կատարողութեամբ

Հովանաւորութեամբ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, կազմակերպութեամբ Նաքքաշի «Հրայր Մարուխեան» ակումբի վարչութեան, կիրակի, 28 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ` մասնակցութեամբ գաղութի խոստումնալից ուժերէն Սերոբ Յակոբեանի, ընկերակցութեամբ «Արցախ» նուագախումբին: Նշենք, որ այս ձեռնարկը Սերոբ Յակոբեանի առաջին հրապարակային ելոյթն էր:

Կազմակերպիչ վարչութեան անունով խօսք առաւ Սագօ Հարմանտայեան, որ վեր առաւ յեղափոխական երգի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր անժամանցելիութիւնը մեր իրականութեան մէջ: Ան հաստատեց, որ Սերոբ Յակոբեան միշտ կամաւոր եւ առանց ակնկալութեան ընդառաջած է բոլորին, աւելցնելով, որ սոյն ելոյթին եւս ան յօժարակամ ընդառաջած է:

Իր կարգին, Սերոբ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ակումբի վարչութեան, նաեւ` «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, աւելցնելով, որ իր երազը իրականացուցած է եւ իր առաջին հրապարակային ելոյթը ունեցած է «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկով, որուն համար մեծապէս երախտապարտ է:

Այնուհետեւ Ս. Յակոբեան մեկնաբանեց 35 երգեր` արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին:

Share this Article
CATEGORIES