Ընկերվարական Ոսպնեակ. Հիւկօ Չաւեզը Եւ Մենք

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

21-րդ դարուն տակաւին կարելի՞ է գաղափարապաշտ, իրաւ ժողովրդավար ու ընկերային հաւասարութեան հաւատացող նախագահ մը ունենալ: Ակնկալուած պատասխանը ո՛չ է: Հիւկօ Չաւեզ սակայն իր անձնական օրինակով փաստեց, թէ կարելի է: Մարդկային պատմութեան այնպիսի մէկ ժամանակաշրջանին, երբ մասնաւոր խմբակներու, արեւմտեան գերտէրութիւններու կամակատար, շահամոլ մանկլաւիկներ կը դառնան երկիրներ կառավարելու կոչուող նախագահներ, Պուշի, Սարքոզիի ու մնացեալներուն հետ, միաժամանակ ապրեցաւ ու գործեց Հիւկօ Չաւեզ:

Չաւեզի ձգած աւանդը դեռ երկար տարիներ պիտի սերտուի, ուսումնասիրուի ու դաստիարակէ ոչ միայն Վենեզուելայի ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին, հո՛ն, ուր ազատատենչ ու արդարամիտ մարդիկ տակաւին կը հաւատան մարդկային արդար ու ազնիւ ընկերութեան մը հաստատման իտէալին:

Կարելի է անվերջ խօսիլ, գրել ու վերլուծել Չաւեզի քաղաքական գործունէութեան 20-ամեակը. այս գրութիւնը սակայն պիտի փորձէ կեդրոնանալ Չաւեզի աւանդին յատուկ երեք երեսներու վրայ, որոնք իրենց ուսանելի անդրադարձը կրնան ունենալ հայկական իրականութեան վրայ:

Չաւեզի ղեկավարի տիպարի առանձնայատուկ գիծերէն ամէնէն շեշտուածը անոր գաղափարականութիւնն էր: Հիւկօ Չաւեզ կը հաւատար մարդկային իսկական արժէքներու, կը հաւատար այդ արժէքներով ժողովուրդը դաստիարակելու առաքելութեան ու կը հաւատար լայն զանգուածներու հետ ուղղակի երկխօսութեան մէջ մտնելով իր համոզումները տարածելու ու բացատրելու աշխատանքին:

Իր ճառերուն ու հարցազրոյցներուն ընդմէջէն Չաւեզ ուղղակիօրէն կը դիմէր Վենեզուելայի ժողովուրդին եւ յստակօրէն կը բացատրէր իր ծրագիրներն ու քայլերը, որոնք ուղղուած էին անոր կենցաղի բարելաւման: Ան կը հրաւիրէր զանգուածները` քննելու, քննադատելու ու քննարկելու իր միտքերը, ան կը հաւատար աղքատին, անգործին ու բանուորին հետ ուղղակի երկխօսութեան ուժին: Չաւեզի ժողովրդավարութեան ու հասարակական յանձնառութեան ուսմունքները այնքան մը ազդեցիկ էին, որ 2002-ին անոր դէմ կատարուած յեղաշրջումէն ժամեր ետք միլիոնաւոր վենեզուելլացիներ ողողեցին փողոցները` պահանջելով իրենց ընտրեալ նախագահին վերադարձը:

Չաւեզ յանդգնեցաւ դարերով լուսանքայնացուած զանգուածները մղել քաղաքական «աշխուժութեան», անոնց մէջ սերմանել իրենց ընկերային իրաւունքներուն հանդէպ իրաւատիրոջ զգացումը` քաջ գիտնալով, թէ իր այս քայլերը իր դէմ պիտի լարեն Վենեզուելայի կայսերապաշտական շրջանակներու կամակատար, դրամատէր նախկին ընտրանին: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Նախագահ Չաւեզ իր իշխանութեան ընթացքին իբրեւ քաղաքական հակառակորդ ունեցաւ նախորդ իշխանութիւններուն հետ սերտաճած տնտեսական սակաւապետութեան առաջնորդները, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին տապալելու համար Չաւեզն ու իր բարեկարգումները` հասնելով մինչեւ 2002-ի յեղաշրջումի ձախող փորձին:

Չաւեզ խօսքի զօրութեան անկեղծ հաւատացող էր. ան շաբաթական մօտաւորապէս 40 ժամ կ՛անցընէր խօսելով, քարոզելով ու բացատրելով: Անոր շաբաթական պատկերասփռուած յայտագիրը ժամանակի սահմանափակումներ չունէր: Այս յայտագրին ընթացքին անմիջական ու թափանցիկ կերպով կը քննուէին հանրութիւնը մտահոգող ամէն տեսակի հարցեր. Քարաքասի աղքատ շրջաններու առողջապահական վիճակէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կայսերապաշտական քաղաքականութեան ժխտական անդրադարձները աշխարհի բնակչութեան վրայ:

Արտաքին ճակատի վրայ նոյնպէս, նախագահ Չաւեզ չվարանեցաւ դէմ կենալէ ամերիկեան նոր ազատականութեան հաստատած կարգերուն: Միջազգային բարձրագոյն բեմերէն, Չաւեզ հանդէս եկաւ հակակայսերապաշտական լուրջ ու կշռադատուած հակափաստարկներով ու դարձաւ մղձաւանջը ամերիկեան ու եւրոպական նոր ազատական վարչակարգերուն: Նոյնիսկ երբ Մեծն Բրիտանիոյ աշխատաւորականները, Ֆրանսայի ընկերվարականներն ու ձախակողմեան շարք մը յարգուած մտաւորականներ, զիջելով նոր ազատական քարոզչութեան դիմաց, կը զօրակցէին կամ աչք կը խփէին Սերպիոյ ռմբակոծման, Լիպիոյ ու Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներու սատարման, եւ այլ արեւմտեան «ազատագրման» կամ «ժողովրդավարացման» ալիքներուն առաջ, նախագահ Չաւեզ բուռն քննադատութեան կ՛ենթարկէր զանոնք` մեկնելով գաղափարական եւ բարոյական ամուր հիմքերէ: Հակառակ ամէն տեսակի քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներուն, Չաւեզ մինչեւ վերջ ալ մնաց խոր հաւատացողը ազգային ինքնորոշման սկզբունքին ու անխոնջ մարտիկը ընդդէմ կայսերապաշտական պատերազմներու: Երբ անոր ընդիմադիրները Չաւեզը կը փորձեն հաւասարեցնել Քազզաֆիներու հետ փորձելով անոր հակաամերիկեան կեցուածքները «փոփիւլիստ»-ական ժխտական քողով ծածկել, անոնք կը մոռնան կամ կը ձեւացնեն, թէ կ՛անգիտանան, որ նախագահ Չաւեզ իր քաղաքական կեցուածքներուն ճամբով կարիքը չունէր տուրք տալու ոեւէ մէկուն` ապահովելու համար ներքին վաւերականութիւն մը կամ տնտեսական  օգնութիւններ…

Չաւեզի գաղափարական կուռ համոզումներէն սերող քաղաքական աւանդին երկու հիմնական արգասիքները կարելի է համարել ընկերային հաւասարութեան ու համաժողովրդական ժողովրդավարութեան իրագործման ճամբուն վրայ անոր մղած կենաց մահու պայքարները:

Հիւկօ Չաւեզ իշխանութեան եկաւ, երբ Վենեզուելայի ժողովուրդին 42.8 առ հարիւրը կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ: Կրթութիւնը, առողջապահական ծառայութիւններն ու ընկերային շարք մը կարիքներ հեռու էին հասանելի դառնալէ ժողովուրդի լայն խաւերուն: Վենեզուելայի նման հարուստ երկրի մը մէջ պետական եկամուտները կը բաշխուէին խիստ անարդար կերպով, ուր հարուստները կը դառնային շատ աւելի հարուստ, իսկ աղքատները` շատ աւելի աղքատ: Երկրի հողային բաժանումի քաղաքականութիւնը նոյնպէս չէր ծառայեր բնակչութեան մեծամասնութեան պէտքերուն: Սակաւաթիւ հողատէրեր կը տիրէին հսկայ հողաշերտերու:

Չաւեզի իշխանութեան հիմնական առաջադրանքները դարձան ապահովել հողաշերտերու եւ ազգային եկամուտներու աւելի արդար բաժանում: Ընդամէնը տասը տարիներու ընթացքին Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցաւ հողային յեղափոխութիւն: Կառավարութիւնը ազգայնացուց հսկայական հողաշերտեր եւ զանոնք քաջալերական ձեւաչափերով վերաբաշխեց բանուոր ու գիւղացի հասարակութեան: Չաւեզի կառավարութիւնը նաեւ հաստատեց տուրքերու այնպիսի քաղաքականութիւն, որ կը միտէր ստեղծել հասարակական իսկական իրերօգնութեան տրամադրութիւն, ուր հարստութիւնը աւելի արդար կերպով կը բաշխուէր «օրհնուած» հարուստներուն ու տառապող աղքատներուն միջեւ:

Փաստ է, թէ դեկտեմբեր 2005-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայն, Վենեզուելայի մէջ անգրագիտութեան վերջ տրուած էր: Փաստ է նաեւ, թէ 1999-էն 2011-ի միջեւ աղքատութեան ցուցանիշը նուազեցաւ 42.8 էն 26.5 տոկոսի, բժշկական ծառայութիւնները գրեթէ անվճար հասանելի դարձան բոլոր վենեզուելացիներուն եւ անգործ ու աղքատ քաղաքացիները օժտուեցան արժանապատիւ կեանքի նուազագոյն տուեալներով:

Աւելի՛ն. ՄԱԿ-ի Հարաւային Ամերիկայի Տնտեսական յանձնաժողովին համաձայն, Վենեզուելան Հարաւային Ամերիկայի 18 երկիրներէն ամէնէն հաւասարն է հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ հարստութիւններու վերաբաշխման իմաստով:

Հիւկօ Չաւեզ անխոնջ հաւատացող էր ժողովուրդի ինքնակառավարման ժողովրդավարական հիմնական սկզբունքին: Անոր Պոլիվարեան յեղափոխութեան հիմնական նպատակներէն մէկն էր հասարակութիւնը մղել քաղաքական աշխուժ մասնակցութեան: Չաւեզի համաձայն, «այս գաղափարը, այլ բաներու կողքին, կը նշանակէ ժողովուրդի աշխուժ մասնակցութիւնը երկրի կառավարման եւ որոշումներու կայացման գործընթացին…»:

1999-ի ժողովրդային հանրաքուէով հաստատուած սահմանադրութեան նախաբանը կը յայտնէր, թէ իր նպատակներէն է հաստատել մասնակցողական ժողովրդավարութիւն, ընտրեալ ներկայացուցիչներու, հանրաքուէներու եւ ժողովրդային ներգործութեան ճամբով: Չաւեզի իշխանութեան տարիներուն Վենեզուելայի ընդհանուր ընտրազանգուածը մօտաւորապէս կրկնապատկուեցաւ: Աղքատ համայնքներու ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, որոնք նախապէս չէին մասնակցեր ընտրութիւններուն, սկսան մեծ թիւերով արձանագրուիլ ու մասնակցիլ ազգային թէ շրջանային ընտրական գործընթացներուն:

Չաւեզի օրով ընկերային համագործակցութիւնը դարձաւ ժողովրդային վարքագիծ` ընդդէմ սպառողական անհատապաշտ ուսմունքին: Չաւեզի գրեթէ առօրեայ բանախօսութիւնները` բարոյական, ընկերային ու քաղաքական արժէքներու մասին, ունեցան իրենց անհերքելի անդրադարձը վենեզուելացիներուն վրայ: Հասարակական կազմակերպուածութիւնն ու արհեստակցական եւ քաղաքացիական շարժումները ապրեցան աննախընթաց վերելք: Զարկ տրուեցաւ արհեստակցական միութիւններուն, ստեղծուեցան ժողովրդային համերաշխութեան սատարող բազմաթիւ միաւորներ: Այդ միաւորներէն առաջիններն էին Պոլիվարեան շրջանակներ կոչուած յանձնախումբերը, որոնք իրարու մօտ կը բերէին իրենց թաղամասի կարիքներով մտահոգ քաղաքացիները` հոգալու համար իրենց թաղային պէտքերը եւ զօրավիգ հանդիսանալու համար պետական բարեկարգումներու ծրագիրներուն: Պոլիվարեան շրջանակները ժամանակի ընթացքին փոխարինուեցան Հանրային խորհուրդներով, որոնք հիմնուելով իրենց նախորդներուն փորձին վրայ` կը միտին աւելի երկարաշունչ զարգացման ծրագիրներ մշակել իւրաքանչիւր թաղամասի համար: Այս միաւորներուն վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ քաղաքային հողային յանձնախումբերը, որոնք ստեղծուեցան ժողովուրդին կողմէ` վերահսկելու համար հողային վերաբաշխման ծրագիրները: Այս ծիրին մէջ կարելի չէ չյիշել կնոջական յանձնախումբերը, որոնց գործունէութիւնը աննախընթաց ոստում մը արձանագրեց թէ՛ աշխուժութեան եւ թէ՛ ազդեցիկութեան մակարդակներուն վրայ: 2006-ին, Վենեզուելայի նոր սահմանադրութեան մէջ, երբ իրաւ յեղափոխական քայլով մը տնային աշխատանքները պաշտօնապէս ճանչցուեցան իբրեւ աշխատանք, նախագահ Չաւեզ յայտարարեց. «Կիները կ՛աշխատին իրենց զաւակները մեծցնելու, արդուկելու, լուալու, ճաշ պատրաստելու… սերունդները ուղղելու… այս բոլորը երբեք չէին ճանչցուած իբրեւ աշխատանք: Այսօր յեղափոխութիւնը ձեզ կը դնէ առաջին կարգի վրայ, դուք նաե՛ւ բանուորներ էք»:

Չաւեզի իշխանութիւնները այս հասարակական կազմակերպութիւնները հովանաւորեցին պետական ուղղակի օժանդակութիւններով ու վերահսկողութեամբ: Անոնք դարձան երկրի ընկերային իրերօգնութեան ու թափանցիկ ժողովրդավարութեան կիրարկման նախակարապետները: Ըսուածը աւելի որոշակի դարձնելու համար կարելի է ներկայացնել Վենեզուելայի թերաւարտ ուսման տէր քաղաքացիներուն վերաորակաւորման համապարփակ ծրագրի օրինակը: Պետութիւնը ուսումը թերաւարտ վենեզուելացիներուն կ՛ընծայէ երկրորդական եւ կամ արհեստից ուսման հետեւելու առիթներ: Այս ծրագիրներէն օգտուելով` բազմաթիւ վենեզուելացիներ յաջողեցան հիմնել շահաբեր ձեռնարկութիւններ: Այս ձեռնարկութիւնները կը գործեն համագործակցական ժողովրդավար թափանցիկ սկզբունքներով: Ձեռնարկութիւնները իրաւասու են դիմելու պետական յատուկ առանց տոկոսներու վարկերու: Համագործակցականները օրէնքով սահմանուած կարգով կ՛ունենան տարեկան ընտրուած իրենց նախագահը, քարտուղարն ու գանձապահը: Որոշումները կը տրուին համախոհութեամբ եւ կամ, համախոհութեան ձախողութեան պարագային, մեծամասնութեամբ: Այսօրինակ արհեստից վարժարաններէ վկայուած աւելի քան 300 հազար քաղաքացիներ կազմած են 8000-է աւելի համագործակցականներ: 2007-ի տուեալներով, Վենեզուելայի մէջ կը գործէին 181 հազար համագործակցականներ, աշխարհի մէջ ամէնէն շատը: 99 տոկոսը այս համագործակցականներէն հաստատուած են Չաւեզի իշխանութեան ժամանակաշրջանին:

Վենեզուելան անշուշտ երկրագունդի վրայ դրախտի կտոր մը չէ եւ ոչ ալ Հիւկօ Չաւեզը Քրիստոսի վերայայտնութեան փաստը: Վենեզուելան տակաւին կը դիմագրաւէ բաւական ծանրակշիռ խնդիրներ, որոնց կարգին են փտածութիւնն ու ոճիրներու համեմատութեան հսկայական աճը… Նոյնիսկ վերոնշեալ ծրագիրներէն շատերը տեղ տեղ կը ձախողին, չեն արձանագրեր սպասուած արդիւնքները, կը մնան թերաւարտ եւ կամ կը դառնան իշխանութիւններուն կողմէ ժողովուրդի շահագործման միջոց: Այս բոլորով հանդերձ, կարելի չէ նսեմացնել Հիւկօ Չաւեզի փորձը: Անոր անխարդախ ու նուիրական ձգտումը` դէպի աւելի արդար ու աւելի մարդկային ընկերութեան ստեղծում: Եւ ահա Չաւեզի այս ձգտումն է, որմէ կարելի է եւ հարկ է դասեր քաղել հայկական մեր իրականութեան համար: Դասեր` հարստացնելու համար մեր քաղաքական ղեկավարման համակարգը թէ՛ իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, թէ՛ իբրեւ ազգային պետութիւն եւ թէ՛ ալ իբրեւ սփիւռքեան ղեկավարութիւններ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արդեօք դասեր չունի՞ քաղելիք Հիւկօ Չաւեզի համագործակցականներու, թաղային յանձնախումբերու եւ ընկերային արդարութեան հաստատման միտող նախաձեռնութիւններէն: Հիմնադրութեան օրէն իսկ ՀՅԴ-ն իր կազմակերպական կառոյցը հիմնած է թաղային խումբ-բջիջներուն վրայ: Թաղային խումբերը արդեօք այսօր իրենց պարտականութիւններու վերաորակարաւորման ճամբուն վրայ վենեզուելական փորձէն չե՛ն կրնար օգտուիլ. անոնց տնտեսական նախաձեռնութիւններէն, թաղամասային զարգացման ծրագիրներէն թէ կեդրոնական պետութեան եւ ժողովուրդին միջեւ անմիջական կապի դերակատարութենէն: Իսկ համագործակցականներու ճամբով բանուոր, անիրաւուած դասակարգին իրաւունքներու պաշտպանութեան վսեմ գործը, որ ՀՅԴ-ն նախաձեռնած էր տակաւին 1900-ականներու սկիզբը, արդեօք այսօր նոր ուղղութիւններ ու միջոցներ չունի՞ կիսելիք վենեզուելական օրինակէն:

Հայկական պետութեան համար Չաւեզի ընկերվարական յեղափոխութիւնը արդեօք պէտք չէ՞ մտածել տայ, թէ այո՛, կայ այլընտրանք նոր ազատական անարդար ու կեղեքիչ համակարգին: Վենեզուելայի պետական ու հասարակական զարգացման ձախակողմեան քաղաքականութիւնները, հողերու եւ հարստութեան արդար վերաբաշխումի մեթոտները, տնտեսական սակաւապետութեան ներկայացուցիչները բարձր տուրքերու ենթակայ դարձնելը, ընկերային ծառայութիւններու, հասարակական համերաշխութեան հաստատութիւններու պետական զօրակցութիւնը, անշուշտ, Հայաստանի ու Վենեզուելայի միջեւ կարողութիւններու ու կարելիութիւններու տարբերութիւններով հանդերձ, իրականութեան մէջ կ՛ընձեռեն լայն կարելիութիւններ Հայաստանի պետութեան զարգացման ուղիներու տեսակէտէն:

Սփիւռքեան իրականութեան տրամաբանութեամբ դիտուած, կրկին շատ բան կայ ուսանելի Չաւեզի վենեզուելական փորձէն: Թէ՛ համակարգերու ու հաստատութիւններու մէջ եւ շուրջ ժողովրդային այնքան փնտռուող զօրաշարժի մեթոտները, թէ՛ բաց, թափանցիկ ու ներգործօն կառավարման ոճը եւ թէ՛ հանրութեան հետ ուղիղ ու թափանցիկ երկխօսութեան մէջ մտնելու յանձնառութիւնը, բոլորն ալ յուսատու նախաքայլեր են սփիւռքեան յամեցող թարմացման ռազմավարութեան:

Վերջապէս, կայ ինքը` Չաւեզ մարդ-ղեկավարի տիպարը, որուն գաղափարապաշտութիւնը, մարդկային ազնուագոյն արժէքներու նուիրումը եւ անկեղծ ընկերվարականի համոզումները այնքան անգնահատելի դասեր ունին սորվեցնելիք այդ արժէքներէն հետզհետէ պարպուող հայկական իրականութեան :

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )