Եւրոխորհրդարանի Երեսփոխանը Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը

Թէոխարուս

Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամական նորաստեղծ խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուսը Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 20 անգամ: «Սովորաբար մարդիկ որեւէ երկրի նկատմամբ յատուկ զգացում կը տածեն` նշելով մայրենի կամ հայրենի հող: Ինծի համար Լեռնային Ղարաբաղը երեխայ է` փոքրիկ երեխայ, որուն կ՛ուզեմ հոգ տանիլ եւ անոր հետ լաւապէս վերաբերիլ», «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Թէոխարուսը:

Էլենի Թէոխարուս Լեռնային Ղարաբաղի պատուաւոր քաղաքացի է: Անոր 19-րդ այցելութիւնը նախորդ տարուան ամրան էր, երբ Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ստանձնած էր: «Ես ուրախ էի, որ իմ գործընկերներուս հետ մասնակցեցայ այդ գործընթացին: Կարելի է ըսել, որ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս կը ծաղկի այնտեղ: Ասիկա բաւական տպաւորիչ գործընթաց էր, ես հիացած եմ Արցախի ժողովուրդով` ո՛չ միայն անոր համար, որ անոնք կը պայքարին իրենց անկախութեան համար, այլ նաեւ այն պատճառով, որ կրցան ստեղծել ծաղկող ժողովրդավարութիւն իրենց երկրին մէջ», յայտնած է ան:

Է. Թէոխարուս շեշտը դրած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, նկատել տալով, որ բոլորը պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը եւ հաշուի նստին անոր հետ: «Անոնց հիմնարար ազատութիւնն ու իրաւունքն է ինքնորոշումը. անհրաժեշտ է հանրաքուէ կատարել եւ ճշդել, թէ անոնք ի՛նչ կը գերադասեն` անկա՞խ ըլլալ, միաւորուի՞լ Հայաստանի հետ: Կամքը պէտք է յարգուի», դիտել տուած է ան:

Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամական նորաստեղծ խումբի անդամները, բարեկամական խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուսի գլխաւորութեամբ, այցելած են Երեւան եւ 24 ապրիլին յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: 25 ապրիլին անոնք հանդիպում ունեցած են Հայաստանի նախագահին հետ, իսկ 26 ապրիլին մեկնած են Լեռնային Ղարաբաղ:

Share this Article
CATEGORIES