Հիւսիսային Քորէա Ամերիկացի Քաղաքացի Մը 15 Տարի Տաժանակիր Աշխատանքի Դատապարտած Է

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն դատարանին որոշումով` Միացեալ Նահանգներու քորէական ծագում ունեցող քաղաքացի Քենեթ Պէյ դատապարտուած է 15 տարի տաժանակիր աշխատանքի:

Ամերիկացին ձերբակալուած էր 3 նոյեմբեր 2012-ին Հիւսիսային Քորէայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ռասոն քաղաքին մէջ, ուր ան մեկնած էր զբօսաշրջական մուտքի արտօնագիրով` «թշնամական արարքներ իրականացնելու համար»:

Ձերբակալութենէն ետք համապատասխան մարմինները զինք կալանքի տակ կը պահէին: Հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք Քենեթ Պէյ ընդունած էր մեղքը: Անոր այցելած էին Շուէտի դեսպանատան աշխատակիցները, որոնք Հիւսիսային Քորէայի մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերու ներկայացուցիչներն են, որովհետեւ Փիոնկիանկ եւ Ուաշինկթըն դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին:

Շուէտական դեսպանատան աշխատակիցները ամերիկացիի հարցը չեն մեկնաբաներ` խորհուրդ տալով բոլոր հարցումներուն համար դիմելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES