Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ Մէջ Իրենց Հիւպատոսարանին Դէմ Յարձակումին Առնչուած Զինեալներու Լուսանկարներ Կը Հրապարակեն
«Էֆ.Պի.Այ.» հրապարակեց լուսանկարները երեք զինեալներու, որոնք լուսանկարուած էին 11 սեպտեմբեր 2012-ին Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին: «Էֆ.Պի.Այ.» աշխարհի հասարակութենէն խնդրեց անոնց ինքնութեան բացայայտման օժանդակել:
«Էֆ.Պի.Այ.» յայտնեց, որ երեք լուսանկարները իր կայքէջին վրայ զետեղուած են, սակայն այդ երեք զինեալներուն անունները չնշեց եւ մինչեւ իսկ չյայտնեց, որ անոնք կասկածեալնե՞ր են, թէ՞ ոչ, հակառակ անոր որ լուսանկարները յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ հրացաններ բռնած են:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ տեղեկութիւններ կը խնդրեն այդ երեք անձերուն մասին, որոնք ամերիկեան առաքելութեան տարածքին մէջ կը գտնուէին, երբ յարձակումը կատարուած է` աւելցնելով, որ «այդ անհատները կրնան հետաքննութեան օժանդակող տեղեկութիւններ յայտնել»:


