Պաքու Թեհրանի Բողոքագիր Յղած Է
Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ: Թաւրիզի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը երէկ բողոքագիր մը յղած է իրանեան կողմին` Իրանի մէջ ազրպէյճանցի գրականագէտի եւ չորս գործիչներու ձերբակալման առնչութեամբ:
Ձերբակալութիւնները կատարուած են 29-էն 30 ապրիլի լուսցող գիշերը. ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Իրանի տեղեկատուութեան, անվտանգութեան եւ հետախուզութեան նախարարութեան աշխատակիցները ներխուժած են իրանաբնակ ազրպէյճանցի յայտնի գործիչ, Հարաւային Ազրպէյճանի ազգային-ազատագրական շարժում կազմակերպութեան անդամ Մոհամետ Ռաշիտիի բնակարան եւ ձերբակալած էին Ազրպէյճանի գրականութեան ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող Խալիտա Խալիտին ու ազրպէյճանցի չորս գործիչներ:
Գրականագէտ Խալիտան Իրան այցելած էր Ռաշիտիի մօր ծննդեան տարեդարձի նշման մասնակցելու, ինչպէս նաեւ իր գիտական աշխատանքին համար նիւթեր հաւաքելու համար: Ձերբակալման պատճառները եւ ձերբակալուածներու գտնուած վայրը յայտնի չէ:
Նշենք, որ Հարաւային Ազրպէյճանի ազգային ազատագրական շարժում կազմակերպութիւնը կը պայքարի յանուն այսպէս կոչուած Միացեալ ազրպէյճանական պետութեան ստեղծման:

