Համաս Եւ Իսլամական Ժիհատ Կը Դատապարտեն Հողատարածքներու Փոխանակման Համաձայնութիւնը
Պաղեստինեան Համաս եւ Իսլամական Ժիհատ կազմակերպութիւնները դատապարտեցին Արաբական լիկայէն անդամներու եւ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներու միջեւ այն համաձայնութիւնը, ըստ որուն կ՛առաջարկուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հողատարածքներու փոխանակում կատարել:
Համասի ղեկավարներէն Սալահ Պարտաուիլ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ համաձայնութիւնը արաբական երկիրներուն անկարողութիւնը կը ցուցադրէ: Ան 20 տարի առաջ կնքուած Օսլոյի համաձայնութիւնն ու Իսրայէլի կողմէ համաձայնութեան մերժումը յիշեցուց:
Իսլամական Ժիհատ իր կարգին դատապարտեց այդ համաձայնութիւնը եւ ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ զինեալ պայքարը, մինչեւ որ պաղեստինցի գաղթականները տունդարձի իրաւունք ստանան:
Միւս կողմէ, ՊԱԿ-էն Սայեպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ ինք կ՛ողջունէ համաձայնութիւնը:
Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի երկուշաբթի օր խումբ մը արաբ պաշտօնատարներու հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած էր, որ Իսրայէլ եւ պաղեստինցիները կրնան հողատարածքներու փոխանակում կատարել` 1967-ի ճշգրիտ սահմաններուն կառչելու փոխարէն:


