Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ինք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու է եւ կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն եւ համամասնական ընտրական օրինագիծ կ՛ենթադրեն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն միջամուխ չդառնալու Սուրիոյ տագնապին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Պէյրութի ու Լեռնալիբանանի վերեւ ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ կը կատարէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ սպայ մը շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ արձակուած սպառնալիքները հետզհետէ կը սաստկանան եւ հաւանական կը դարձնեն կացութեան վատթարացումը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինին սակը` 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառերը կը հարուածեն Լիբանանի տնտեսութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան նուազագոյնը հինգ տարուան կարիք ունի սրբագրելու համար այդ ճառերուն քանդած տնտեսութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը պաշտօնապէս «Պաապտայի յայտարարութենէն» հրաժարելու համազօր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Հըզպալլա գաղափարականօրէն յանձնառու է Իրանի, իսկ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կարելի դառնայ, Հըզպալլայի վերջին մտահոգութիւններէն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը պատերազմի յայտարարութիւն մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական նոյն բեւեռներուն մէջ ներքին տարակարծութիւններ կան` խառն ընտրական օրինագիծին մասին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ իրենց հակառակորդ քաղաքական ուժերն են, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ անոնք կը մերժեն ընդունիլ իրենց կշիռը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ միջազգային տօնին առիթով 1 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ աշխատաւորական ցոյց Քոլայի կամուրջէն Ռիատ Սոլհի հրապարակ: Խօսք առնողները շեշտեցին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ղեկավարած պայքարներու ձեռքբերումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )