Թերզեան. «Եթէ Պատասխանատուները Աշխատաւորներուն Ոգին Ունենային, Երկրին Ընկերային Հարցերը Կը Լուծէին»

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի աշխատաւորները պայքարի եւ ժրաջան աշխատանքի ռահվիրաներ են: Ան աւելցուց, որ եթէ լիբանանցի պատասխանատուները անոնց ոգին ունենային, ապա անոնք կը վաւերացնէին այնպիսի օրէնքներ, որոնց գործադրութեամբ կարելի կ՛ըլլար լուծել երկրին դիմագրաւած ընկերային հարցերը:

Յ. Թերզեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անպայման վաւերացնել ծերութեան ապահովագրութիւնը, ամրապնդել պետական դպրոցներուն եւ համալսարաններուն կացութիւնը, հաստատել ձրի առողջական խնամքի դրութիւնը:

«Այսպիսով, Լիբանանի աշխատաւորներուն ու սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն ծանր բեռը կը թեթեւնայ եւ կարելի կ՛ըլլայ լիբանանցիներուն արժանապատիւ կեանք մը ապահովել», եզրափակեց Յ. Թերզեան:

Share this Article
CATEGORIES