Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Հիւսէյն Հուժէյրին
Ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի միջեւ գտնուող շրջանի մը մէջ ձերբակալեց Հիւսէյն Հուժէյրին, որ Լիբանանի մէջ էսթոնիացիներու առեւանգումին գործողութեան պատասխանատուն է:
Ըստ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, Հուժէյրի առեւանգած է նաեւ «Պի. Պի. Սի.» կայանի լրագրողներ, ինչպէս նաեւ Ժաաֆար ընտանիքի անդամներէն մէկը:
Միւս կողմէ, նկատի ունենալով դէպի Սուրիա մազութ փոխադրող սիթեռններուն ճամբան արգելակող ցոյցերուն դէմ բանակին դիմադրութիւնը, Պեքաայի մէջ սալաֆական շէյխեր եւ մեծ թիւով սալաֆականներ գործադրեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք լիբանանեան բանակը եւ Հըզպալլան ամբաստանեցին սուրիական վարչակարգին մեղսակցելու յանցանքով:
Անոնք շեշտեցին, որ բանակը իր կողմնացոյցը կորսնցուցած է եւ սկսած է կրակ բանալ անզէն քաղաքացիներուն վրայ` ի սէր սուրիական վարչակարգին:
Սալաֆական շէյխ մը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրահանգին տակ կը գտնուի:
Ցոյցին ընթացքին սալաֆականները կոչ ուղղեցին Հըզպալլայի անդամներուն` հետեւելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար շէյխ Սուպհի Թուֆայլիի:
Ցուցարարները հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն խնդրեցին միջամտել` պարտադրելու համար չէզոք կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

