Ֆրենժիէ Այցելեց Սամի Ժեմայէլի

Ֆրենժիէ – Ժեմայէլ հանդիպումէն պահ մը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ օր այցելեց Պիքֆայա, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուներ Սերժ Տաղեր եւ Ժորժ Ժրէյժ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները, ընդգծելով Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն անջատելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցաւ նաեւ ընտրական օրէնքին եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ եթէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրենց պահանջները չստանան, ապա անոնք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն:

Իր կարգին, Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ  իերնց միջեւ տարակարծութիւնները, իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենան լիբանանեան իրավիճակին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES