Պըրրի Ինը Երեսփոխաններու Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքն Ու Կառավարութեան Կազմութիւնը

Ֆաթֆաթ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Միշել Մուսան, Ալի Պեզզին, Հանի Քպայսին, Ալի Մըքտատը, Ալի Խրէյսը, Նաուար Սահիլին, Ղազի Զաայթերը եւ Ալի Ֆայեատը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, յատկապէս այն ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին` ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու եւ կառավարութիւն կազմելու առումով:

Կէսօրէ ետք Պըրրի ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Պըրրիի յայտնած է, թէ իրենց դաշնակիցներուն հետ քննարկած են խառն ընտրական օրինագիծը, որուն հիման վրայ Լիբանանը կը բաժնուի 13 ընտրաշրջանի, սակայն ցաւ ի սիրտ այդ առնչութեամբ իրենց դաշնակիցները եւ յատկապէս քրիստոնեայ ուժերը հակադրուած են:

Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահէն խնդրած է վերադառնալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջարկին, որ կ՛ընդգրկէ Ծերակոյտի կազմութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES