«Առեւանգուած Լիբանանցիները Ողջ Առողջ Են» Շեշտեց Մարուան Շարպել
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հարցով երէկ գումարուեցաւ ապահովական նիստ մը` ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ:
Նիստին նախագահեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել` ներկայութեամբ թղթածրարին լուծման բանակցութիւններուն պատասխանատու, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որ նախանցեալ օր այս թղթածրարին առնչութեամբ ուղղուած էր Պոլիս:
Նիստէն ետք Շարպել յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը ամբողջութեամբ թրքական իշխանութիւններուն հակակշիռին տակ չի գտնուիր:
Շարպել նշեց սակայն, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը ի վերջոյ պիտի կատարուի թուրք եւ քաթարցի պատասխանատուներուն միջոցով:
Ան շեշտեց, որ այս իմաստով երէկ դրական մթնոլորտ կը տիրէր` աւելցնելով, որ ինք մտավախութիւններ ունի, որ առեւանգուած ինը լիբանանցիները նոյն ատեն ազատ չարձակուին:
Միւս կողմէ, Մարուան Շարպել հաստատեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ առողջ են:
Նշենք, որ նախանցեալ օր երեկոյեան ժամը 5:00-ին, առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Թուրքիան ամբաստանող եւ թրքական շահերուն դէմ պայքարելու պաստառներ եւ կարգախօսներ բարձրացան:
Նշենք, որ ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ եւ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց նաեւ, որ այդ ցոյցը կը միտի զօրակցիլ նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ազատ արձակումի պահանջներուն:


