«Դատական Իշխանութիւնները Երկրին Պետական Հաստատութիւններուն Հիմքը Կը Կազմեն» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց այս հանգրուանին օրէնքի պետութիւն կերտելու առումով դատական իշխանութիւններուն կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւնները երկրին պետական հաստատութիւններուն հիմքը կը կազմեն, որովհետեւ դատաւորներն են, որոնք յանձնառու են այդ օրէնքներուն գործադրութեան:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն տարբեր թղթածրարներու առումով վճիռներ արձակելու:
Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Ան շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է յանցագործները հետապնդեն եւ օրինազանցութիւններուն վերջ տան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, յատկապէս ընտրական նոր օրէնքին կապուած խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի եւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով շնորհաւորած էր լիբանանցի աշխատաւորները եւ շեշտած, որ անոնք երկրին ողնասիւնը կը կազմեն` կերտելու համար հայրենիքը, անոր տնտեսութիւնն ու բարօրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց գործադրելու ընկերային արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու աշխատաւորներուն իրաւունքները` օրէնքի, քաղաքացիական, ժողովրդավարական եւ սահմանադրական առումով:


