«Ժողովուրդը Պէտք Է Յստակ Տեսնէ Ընդդիմութիւնը Իշխանութենէն Տարբերակող Բաժանարար Գիծը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Երեւանի քաղաքապետի ՀՅԴ-ի թեկնածու Արմէն Ռուստամեան երէկ «Հայելի» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ եթէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները արդար ձեւով տեղի ունենան, Դաշնակցութիւնը կը յաղթէ:

Ըստ անոր, ներկայ դրութեամբ քաղաքական դաշտին վրայ Դաշնակցութիւնը միակն է, որ խնդիրներ չունի ընդդիմադիր ուժերէն որեւէ մէկուն հետ` ո՛չ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ո՛չ Հայ ազգային քոնկրեսի, ո՛չ ալ Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ:

«Ոչ մէկ այլ կուսակցութիւն ընտրութիւններուն կը մասնակցի այն մակարդակով, որով մենք կը մասնակցինք: Ես պիտի պայքարիմ յանուն երկրին մէջ իշխանափոխութեան` քանի տակաւին ուժ ունիմ», նշեց քաղաքապետի դաշնակցական թեկնածուն:

Ռուստամեան շեշտեց, որ իշխանութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները նսեմացնէ: Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ ապացուցել, որ այս ընտրութիւնները քաղաքական լուրջ նշանակութիւն ունին:

Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը տեսած է, որ իշխանութիւնները սովորաբար ինչ ջանասիրութեամբ կը պայքարին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ժամանակ, ամէն ինչ կ՛ընեն, որ ոչ մէկ գիւղի մէջ ուրիշ կուսակցութեան ներկայացուցիչ ընտրուի:

Պատգամաւորը անգամ մը եւս շեշտեց, որ իրենց խնդիրը ընդդիմադիր քաղաքապետ ունենալն է: «Բոլորը կը հասկնան, որ ընդդիմութեան յաջողութիւնը կախուած է ժողովուրդին աշխուժութեան հետ: Աւագանիի կազմին մէջ ըլլալը կարելիութիւն կը ստեղծէ իշխանութեան դէմ պայքարելու: Ընդդիմադիր քաղաքապետի առկայութիւնը այս միահեծան համակարգի վերջը պիտի դնէ: Պիտի ձեւաւորուի հակակշիռ, օգտակար մրցակցութիւն», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի ներկայի իրավիճակին` Ռուստամեան նշեց, որ այսօր երկրին մէջ իրավիճակը փոխուած է: Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, ժողովուրդին ձայնը գնելը դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ մարդիկ այնքան զզուած են, որ այսօր կորսնցնելիք բան չունին: Ռուստամեան ընդգծեց, որ միակ ելքը երկրին մէջ ամբողջական իշխանափոխութեան հասնիլն է:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ ՀՅԴ կ՛ընդօրինակէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի քարոզարշաւը, պատգամաւորը յայտնեց, որ բարեւը Րաֆֆիինը չէ, բարեւը Աստուծոյ է: «Եթէ կ՛ուզէք իմանալ առաջին բարեւ տուողը մեր Արծուիկ Մինասեանն էր, որ 2009-ին բոլորին կը բարեւէր: Մեր հարցը բարեւ տալը չէ, այլ իշխանափոխութեան հասնիլը»:

Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան միաւորման` քաղաքապետի թեկնածուն նշեց, որ պէտք է երկու յստակ յայտարարութիւններ կատարել. առաջինին բովանդակութիւնը պէտք է ըլլայ այն, որ ընդդիմադիր ուժերը Երեւանի աւագանիին մէջ ընտրուելու պարագային իշխանութեան հետ պիտի չմիանան:

Ան նշեց, որ առաջին յայտարարութեան մէջ պէտք է նաեւ ամրագրել, որ ընդդիմադիր ուժերը պէտք է համագործակցին Երեւանի աւագանիին հետ: Այսինքն, եթէ ընդդիմադիր ուժերէն ոչ մէկը մեծամասնութիւն ստանայ, ապա անոնք պէտք է միաւորեն իրենց պաշտօնները եւ ընտրեն ընդդիմադիր քաղաքապետ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ երկրորդ յայտարարութեան մէջ պէտք է նշուի, որ ընդդիմադիր ուժերը պիտի համագործակցին ընտրատեղամասերուն մէջ` ժողովուրդին տուած ձայները պահելու նպատակով: Ան ընդգծեց, որ ժողովուրդին կրաւորականութիւնը ի յայտ կու գայ այն պատճառով, որ մարդիկ չեն հաւատար, թէ իրենց ձայնը նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ բնականոն ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:

«Մենք պէտք է ժողովուրդին արդար ընտրութիւններու երաշխիքներ տանք: Ատիկա քաղաքական ուժերու խնդիրն է, ընտրողներէն ոչ ոք պարտաւոր է հետեւիլ միւս ընտրողներուն ձայներու պահպանման», ըսաւ Ռուստամեան:

Ըստ Երեւանի քաղաքապետի ՀՅԴ-ի թեկնածուին, ընդդիմութեան շահերէն կը բխի ընտրողներուն աշխուժացումը եւ անոնց համոզելը, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները առիթ մըն են իշխանութիւններուն «ոչ» ըսելու:

«Անոր համար անհրաժեշտ է գծել այն բաժանարար գիծը, որուն օգնութեամբ կարելի է տարբերակել ընդդիմութիւնը իշխանութենէն: Եթէ ժողովուրդը յստակ չտեսնէ այդ գիծը, նորէն պիտի խճճուի, իշխանութիւններուն նկատմամբ հանրաքուէն տեղի պիտի չունենայ բարձր մակարդակով եւ պիտի չունենայ մեր ուզած ազդեցութիւնը», յայտնեց Ռուստամեան:

Նախընտրական քարոզարշաւը կը մօտենայ իր աւարտին եւ յատուկ այդ ընտրապայքարի վերջին հանդիպումներէն մէկը Դաշնակցութիւնը ուզեց կատարել Երեւանի Զէյթուն շրջանին մէջ, ուր արդէն 40 տարիէ ի վեր կը բնակի Արմէն Ռուստամեան:

Զէյթունի բնակիչներուն ուղղելով իր խօսքը` դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ ինք իսկապէս այս ընտրութիւններուն շատ մեծ նշանակութիւն կու տայ, քանի որ անոնք շատ մեծ քաղաքական նշանակութիւն ունին: Բացի այն բոլոր խնդիրներէն, որոնց մասին խօսուած է եւ տակաւին կը խօսուի: Ան յայտնեց, որ տարբեր կենցաղային սպասարկման, թաղային հարցերու, խնդիրներու լուծումը մէկ կարեւոր հարցի մէջ է` այս բոլոր հարցերը չեն լուծուիր ու այն դժգոհութիւնը, որ կայ, կը պահպանուի, եթէ ժողովուրդը չազատի գոյութիւն ունեցող, բոլորին արդէն խեղդող մթնոլորտէն, որ յառաջացած է մենիշխանութեան պատճառով:

«Այս երկրին մէջ կայ իրողութիւն մը, որմէ չենք կրնար տարիներ շարունակ, ընտրութենէ ընտրութիւն ազատիլ` կայ միահեծան իշխանութիւն, գործող, իշխող կուսակցութիւն ու պետութեան նոյնացում: Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ Հայաստանի մէջ 3-5 առ հարիւրը, որոնք մօտ կանգնած են նախագահի աթոռին, ապրին լաւ վիճակի մէջ` մեծ հարստութիւն, ունեցուածք կուտակած, իսկ մնացեալը յանձնուած են բախտի քմահաճոյքին: Այս միահեծան իրավիճակը, ամէն ինչի մենաշնորհումը բոլոր մարզերուն մէջ արտայայտուած են: Ասիկա տարածուած է ու հասած մինչեւ մեր թաղերը եւ ամէնէն պարզ խնդիրները` աղբահանութիւն, ասֆալթապատում կամ փոխադրութեան միջոցներու հետ կապուած հարցեր, հաւատացէ՛ք, որ բոլորը կապուած են այդ մենաշնորհումի վիճակին հետ», յայտնեց Ռուստամեան:

Ան կոչ ուղղեց չհաւատալու իշխանութիւններու այն ըսածներուն, թէ ընդդիմադիր ուժերը եւ թեկնածուները շատ կ՛ուռճացնեն այս քաղաքապետական, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նշանակութիւնը, եւ այդ աւագանին շատ-շատ պէտք է լուծէ ասֆալթապատման, կենցաղային սպասարկման հարցերը: ՀՅԴ ցուցակի յառաջատարը պարզաբանեց, որ ատոր նպատակը շատ պարզ է` ընտրութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը զերօ ըլլայ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մարդիկ իրենց դժգոհութիւնը, բողոքը պիտի չտեսնեն կապուած այս ընտրութիւններուն հետ, պիտի չմասնակցին ընտրութիւններուն եւ պիտի յառաջանայ իրավիճակ մը, որ ընտրազանգուածը պիտի ձեւաւորուի բարեկամական-խնամիական, ծանօթ-ընկերական յարաբերութիւններու միջոցով: Իսկ այդտեղ պիտի սկսին աշխատիլ այն վարչական-տնտեսական միջոցները, զորս իշխանութիւնները ունին եւ դիւրութեամբ պիտի վերարտադրուին, սահուն կերպով, անխափան պիտի պահպանեն իրենց իշխանութիւնը Երեւանի մէջ:

Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները այն ընտրութիւններն են, որոնցմով կարելի է հասնիլ անոր, որուն կարելի չեղաւ հասնիլ նախագահական ընտրութիւններուն` իրավիճակը փոխել:

«Ես ձեզի իսկապէս պատասխանատուութեամբ եւ համոզումով կ՛ըսեմ` այդ նոյնը կարելի է ընել փոխելով քաղաքապետը», յայտարարեց Ռուստամեան:

Այնուհետեւ ան մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ատիկա կարելի է եւ իրատեսական: Եզրափակելով իր խօսքը` Ռուստամեան ընդգծեց, որ կը ստեն անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ բոլորը նոյն խոստումները կու տան, նոյն ծրագիրները ունին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES