Ռուսլան Ցառնի Ներում Կը Հայցէ Հայերէն
«Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-էն Ալին Գրիգորեան երեքշաբթի, 30 ապրիլին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ կը գրէ, թէ Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքներուն մեղսակից նկատուող երկու եղբայրներուն քեռին ուղղակի կապի մէջ մտած է թերթին հետ` ներում հայցելու համար հայերէն, որովհետեւ ան նախապէս պնդած էր, թէ կասկածելիները հրահրուած էին իսլամացած հայու մը` «Միշա»-ին կողմէ:
«Հայաստանը հարուստ մշակոյթ ունի եւ կ՛ուզեմ շեշտել, թէ «Միշա»-ի ցեղային ինքնութիւնը ոչ մէկ կապ ունի իրադարձութեանց հետ: Երանի երբե՛ք նման կապի մը մասին չարտայայտուէի», ըսած է ան:
CATEGORIES Հայկական

