Ո՞վ Հնարած Է Սուզանաւը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հոլանտացի Քոռնելիս Տրեպպել

1620-1624 թուականին միջեւ այս գիւտարարը կը հնարէ սուզանաւը` Անգլիոյ Ժաք Ա. թագաւորին համար :

Ան բազմաթիւ փորձեր կը կատարէ Անգլիոյ Թէյմզ գետին մէջ: Այս առաջին սուզանաւը կը յառաջանայ թիերու շնորհիւ եւ կրնայ փոխադրել 4 անձեր:

1800

 

Ամերիկացի գիւտարար Ռոպըրթ Ֆուլթըն ֆրանսական կառավարութեան կ՛առաջարկէ շինել ընդծովեայ մեքենայ մը` Նոթելիուսը: 6.50 մեթր երկարութեամբ այս գլանը պողպատէ շինուած է: Անիկա կը յառաջանայ շնորհիւ պտուտակի մը, որ քշողը ձեռքով կը դարձնէ:

 

 

1863

Ֆրանսացիներ Պուրժուա եւ Պրըն կը շինեն շարժակով բանող առաջին սուզանաւը` Լը Փլոնժէօր: Անիկա 42,50 մեթր երկարութիւն ունի եւ կրնայ փոխադրել 7 հոգի:

 

 

 

1888

 

Ֆրանսացի Կիւսթաւ Զետէ կը հնարէ ելեկտրական շարժակով բանող առաջին սուզանաւը` Լը Ժիմնոթ: Կամաց-կամաց բազմաթիւ երկիրներ պիտի սկսին օժտուիլ սուզանաւերով պատերազմելու համար, որովհետեւ անոնք կարելիութիւնը կու տան առանց նկատուելու` յարձակելու թշնամի նաւերուն վրայ:

 

1945-էն ի վեր

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր (1939-1946) աշխարհի մէջ հազարաւոր սուզանաւեր շինուած են: Շնորհիւ հիւլէական ուժանիւթին` անոնք կրնան ջուրին տակ մնալ բազմաթիւ շաբաթներ, նոյնիսկ` բազմաթիւ ամիսներ:

Գիտէի՞ր, թէ…

1870 թուականին ֆրանսացի գրագէտ Ժիւլ Վեռն կը ներշնչուի Ֆուլթոնի Նոթիլիուսէն եւ կը գրէ «Հազար մղոն ծովերուն տակ» վէպը: Այս վէպը ներշնչած է բազմաթիւ գիւտարարներ:

 

 

Աշխարհի Ամէնէն Արագ…

… Աշխարհի շուրջ պտոյտ կատարած է «Քոնքորտ» օդանաւը մը, 15 եւ 16 օգոստոս 1995-ին:

Նիւ Եորքէն (Միացեալ Նահանգներ) ճամբայ ելած գերձայնային այս օդանաւը Նիւ Եորք վերադարձած է 31 ժամ, 27 վայրկեան եւ 49 երկվայրկեան ետք: Ան աշխարհի շուրջ լման շրջան մը կատարած է արեւելքէն արեւմուտք: Իր 80 ճամբորդներով եւ անձնակազմին 18 անդամներով, ան դադար առած է Թուլուզի մէջ (Ֆրանսա), Տուպայ (ԱՄԷ), Պանքոք (Թայլանտ), Կուամ (Խաղաղական  ովկիանոսի կղզի մը, որ Միացեալ Նահանգներուն կը պատկանի, Հոնոլուլու (Հաուայեան կղզիներ, Միացեալ Նահանգներ) եւ Աքափուլքօ (Մեքսիքա):

* * *

Ուրիշ Մրցանիշներ

 

 

 

18 յունիսէն 2 յուլիս 2002-ին ամերիկացի Սթիվ Ֆոսսեթ օդապարկիով մը աշխարհի շրջանը առանձինը կատարած է 13 օր, 8 ժամ եւ 33 վայրկեանէն:

 

 

 

2008 թուականին ամերիկացիներ Էտուարտ Քասփրովիչ եւ Սթիֆըն Շէյք ուղղաթիռով աշխարհի շրջանը ըրած են 11 օր, 7 ժամ եւ 5 վայրկեանէն:

 

Յունուար 2012-ին ֆրանսացի Լոյիք Փերրոն արագաստանաւով աշխարհի շրջանը ընելու մրցանիշը կոտրած է 45 օր, 13 ժամ եւ 42 վայրկեանէն:

 

 

 

2010 թուականին անգլիացի Ալեն Պէյթց աշխարհի շրջանը կատարած է հեծիկով` 106 օր, 10 ժամ եւ 33 վայրկեանէն: ԱՆ կտրած է 26 468 քմ:

 

 

 

 

9 սեպտեմբերէն 17 նոյեմբեր 1989-ին հնդիկ զոյգ մը` Սալու եւ Նինա Շուտհուրիներ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի շրջանը ըրած են ինքնաշարժով: Անոնք կտրած են 40.075  քմ` 5 ցամաքամասերուն վրայ, 69 օր, 19 ժամ եւ 5 վայրկեանէն:

 

 

 

Հարցում-Պատասխան

 

Մօտաւորապէս կայծակը քանի՞ անգամ երկրագունդին վրայ կը զարնէ օրական:

Քանի՞ գիւտեր արձանագրած է Թոմաս Էտիսըն` ելեկտրական լամբին հնարիչը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանի՞ արջակատուներ (փանտա) տակաւին կ՛ապրին վայրի բնութեան մէջ:

Քանի՞ հաւկիթ կրնայ ածել թագուհի մեղուն մէկ օրուան մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները
Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել խոհարարին գլխարկին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

1) 1093: Էտիսընի ամէնէն նշանաւոր գիւտերուն կարգին են` ելեկտրական լամբը, ֆոնոկրաֆը, եւ շարժուն պատկերի տեսախցիկը:
2) 8,600,000: Գիտնականները նշմարած են, թէ հարիւր կայծակներ երկրագունդին վրայ կը զարնեն ամէն երկվայրկեան:
3) 2000: Թագուհի-մեղուն մէկ տարիէն երեք տարի կ՛ապրի:
4) 1000: Հսկայ արջակատուին գլխաւոր ուտելիքը պամպու եղէգն է:

Share this Article
CATEGORIES