Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

* Ապրիլ 24-ին Թեհրանի «Հայ ակումբ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն: Օրուան  բանախօսն էր  Հոճճաթ էլիսլամ Ապութորապի Ֆարտ:

* Ապրիլ 23-ին Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ  տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

* Ապրիլ 23-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` որմէ ետք խօսք առին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի  ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեան եւ կարդացուեցաւ երիտասարդներու խօսքը:

Այնուհետեւ ծաղիկներ զետեղուեցան նահատակներու յուշարձանին դիմաց, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր Ցեղասպանութեան մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն, ազգային-յեղափոխական երգերու մատուցում, ռատիօ-բեմադրութեան ներկայացում:Ապա տեղի ունեցաւ երիտասարդական համահաւաք եւ նստացոյց:

* Նոյն օրը Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Իրանի զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար բացատրութիւններ փոխանցեցին թեմի առաջնորդը եւ 98-րդ տարելիցը նշող Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Թալին Բանդարի:

 

Թաւրիզ

Ապրիլ 25-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բացման խօսքը արտասանեց Թաւրիզի Հայ համալսարանական ուսանողներու միութեան անդամ Մեղեդի Թարւերտեան, որ վերանորոգեց հայ երիտասարդութեան ուխտը, հաւատարիմ մնալու նահատակներու սուրբ կտակին: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՅԴ-ի  անդամ Նայիրի Դիլանեան ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան օրով ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ներքին ծալքերը եւ Հայ դատը իրաւականօրէն միջազգային ատեան ներկայացնելու թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքը: Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց, թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն անցած 94 տարիներու երկար ճամբուն եւ կոչ ուղղեց միասնական ըլլալու, մէկ հոգիով ու մէկ սրտով պայքարելու, մինչեւ հասնինք մեր ազգային երազներու ու ձգտումներու իրականացման:

 

Նոր Ջուղա

* Ապրիլ 23-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մոմերով երթ դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանք, ուր կայացաւ բողոքի համահաւաք:

* Ապրիլ 24-ին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ բողոքի քայլարշաւ: Նոյն օրը Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական-գեղարուեստական երեկոյ` բանախօսութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեանի:

 

Ս. Փեթերսպուրկ

Ապրիլ 24-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին:

Ս. Կատարինէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակի մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողին ծաղկեպսակներ դրուեցան, ապա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգիստի պատարագ, որմէ ետք ելոյթով հանդէս եկան տեղի հայ համայնքի նախագահ Կարէն Մկրտչեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ երեսփոխաններ Վարդան Այվազեան եւ Հայկ Բաբուխանեան, Կաթողիկէ եւ Ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ հայ համայքի ներկայացուցիչներ: Երեկոյեան Ս. Փեթերսպուրկի Սմոլնի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի մեծ համերգ:

 

Սերպիա

Ապրիլ 24-ին Պելկրատի մէջ Սերպիոյ հայ համայնքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսի համակազմակերպմամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն: Պելկրատի մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ  տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

 

Եգիպտոս

Ապրիլ 24-ին Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Աղեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս Պետրոս եւ Հելիոպոլիսի հայ կաթողիկէ Ս. Թերեզ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան սուրբ պատարագներ եւ կատարուեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ:  Ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակի մէջ գտնուող խաչքարին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Ներկաները ունկնդրեցին նաեւ Գահիրէի Ազգային առաջորդարանի «Արաքս» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին, իսկ Ս. Թերեզ եկեղեցւոյ սրահի մէջ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստավաւերագրական ժապաւէն:

 

Ժընեւ

Ապրիլ 24-ին Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստի արարողութիւն: Ապա Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձանին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Ելոյթներ ունեցան Զուիցերիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ  քահանայ Հայրիկ Յովհաննիսեան, Հայաստանի արտակարգ դեսպանորդ Սաթենիկ Աբգարեան եւ Զուիցերահայ միութեան նախագահ Նժդեհ Խաչատրեան: Սաթենիկ Աբգարեան իր խօսքի մէջ  նշեց, որ 98 տարուան մէջ հայ ժողովուրդին կողմէ մղուող պայքարը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու իրաւունք ունենալու եւ միջազգային հանրութեան կողմէն Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու փուլէն անցած է նոր փուլ` կեդրոնանալով Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման հասնելու վրայ, եւ այդ պայքարին յաջողութիւնը հնարաւոր է միայն համայն հայութեան` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական ուժերով:

 

Ճափոն

Ապրիլ 24-ին Թոքիոյի «Տոպպան» համերգասրահի մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի ջութակահար Հրաչեայ Աւանեսեանի մենահամերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին, ընկերակցութեամբ  դաշնակահար Լիլի Մայսկի: Ներկայացուեցան եւրոպացի երաժշտահաններու եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:

 

Շուէտ

Ապրիլ 24-ին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի կեդրոնական Քարլափլան փողոցէն արշաւը սկսաւ դէպի թուրքական դեսպանատուն: Ցոյցը, որ տեւեց շուրջ 3 ժամ, կ՛ընդգրկէր ազգային յեղափոխական երգերու շարան մը :

 

Արժանթին  

* Ապրիլ 24-ին Պուէնոս Այրեսի կեդրոնական տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական արարողութիւն, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակի զետեղում տաճարին մէջ գտնուող հայկական խաչքարին մօտ:

* Ապրիլ 24-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ և  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին դիմաց: «Արմենիա» փողոցին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Արժանթինի մարդկային  իրաւունքներու փոխքարտուղար Լուիս Իպոլիտօ Ալեն, Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, արժանթինցի  դերասանուհի Վիրճինիա Ինոչենթի: Իր խօսքին մէջ դեսպան Մելիքեան նշեց, որ այսօր աշխարհասփիւռ հայութիւնը կրկին իր բողոքի եւ արդարութեան վերականգման պահանջի ձայնը կը բարձրացնէ համայն մարդկութեան առջեւ` յիշեցնելու եւ զգուշացնելու, որ հետագայ յանցագործութիւններու կրկնութենէն  խուսափելու միակ ճանապարհը այդ յանցագործութեան ճանաչումն ու դատապարտումն է:

 

Ուքրանիա

Ապրիլ 24-ին Քիեւի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ  պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան, որ շեշտեց, որ ամբողջ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայոց պետականութեան զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ, որովհետեւ ուժեղ եւ հզօր պետականութիւնը, Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը նոր աղէտներու կանխման գլխաւոր գործօնն է: Ելոյթ ունեցան նաեւ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգորիս Բունիաթեան, Քիեւի հայ համայնքի նախագահ Համլեթ Գալուստեան, Միջազգային համալսարանէն  Խաչատուր Խաչատուրեան: Նշենք, որ նոյն օրը Ուքրանիոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ:

 

Քուէյթ

Ապրիլ 24-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի աւանդական արարողութիւն եւ մոմավառութիւն: Ապա տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական ժապաւէն մը: Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու  կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց միաւորելու համայն հայութեան  ջանքերը  եւ նոր աւիւն հաղորդելու Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նուիրական պայքարին: Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան  Ֆադէյ Չարչօղլեան, որ նշեց, թէ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը պէտք է լուրջ ազդակ հանդիսանայ միջազգային հանրութեան համար` հետագայ ցեղասպանութիւնները  կանխարգելելու առումով:

 

Յունաստան

Ապրիլ 24-ին  Նիա Զմիռնի թաղամասին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Զանգակ» յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան կարդաց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառներուն միացեալ կոչ-պահանջը` ուղղուած Թուրքիոյ:  Խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, որ նաեւ կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` օրուան առիթով ուղերձը: Յունաստանի կառավարութեան եւ վարչապետի կողմէ ելոյթ ունեցաւ Ապակեդրոնացման աշխատակազմի գլխաւոր քարտուղար Տիմիթրիոս Քալոկերոփուլոս: Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ատտիկայի մարզպետի տեղակալ Աթանասիոս Քոնտիլիտիս, Նիա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ցուլաքիս, հայ համայնքի ներկայացուցիչ Յակոբ Առաքելեան: Աւարտին «Զանգակ» յուշակոթողին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

 

Լիթվիա

Ապրիլ 24-ին Լիթվիոյ Ցեղասպանութեան եւ դիմադրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արա Այվազեան, Լիթվիոյ Սէյմասի (խորհրդարան) անդամներ, Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան խումբի փոխնախագահ Ալգիս Քաշեթա, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Տալիա Կուոտիթէ, Լիթվիոյ ցեղասպանութեան եւ դիմադրութեան կեդրոնի տնօրէն Թերեզա Պուրաուսքայտէ, պատմաբան Ալկիրտաս Կասփարաւիչիւս, անուանի գրող Վահագն Գրիգորեան, գրող հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Մարիթէ Քոնթրիմայթէ եւ Լիթվիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու խորհուրդի փոխնախագահ Ռուսլան Յարութիւնեան:

Հռոմ

Ապրիլ 24-ին Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեան խօսք առնելով նշեց, որ հայ ժողովուրդը, նահատակներու յիշատակը վառ պահելով,  կրցաւ ստեղծել ինքնուրոյն պետութիւն եւ պահպանել զայն: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ապրիլ 13-ին Սրբոց Նահատակաց  եկեղեցւոյ  մէջ տեղի ունեցաւ յուշահամերգ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին: Բացման խօսքը արտասանեց Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտուհի Տանիէլա Աջապահեանը` անգլերէն լեզուով, իսկ Նիքոլ Մարք` հայերէն: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց նկարչական ցուցահանդէս «Գալուստեան» սրահին մէջ:

* Ապրիլ 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան տարածքին կանգնեցուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւն, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ պատարագ եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Նոյն օրը, երեկոյեան տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ: Բացման խօսքով հանդէս եկան Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեզ եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս: Ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ: Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան իր խօսքին մէջ դատապարտեց թրքական ժխտողականութիւնը եւ նշեց, որ ան ապագայ չունի եւ կարեւոր նկատեց համատեղ պայքարը անոր յաղթահարման ուղղութեամբ:

Ս. Աստուածածին եւ Ս. Խաչ եկեղեցիներուն մէջ եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

 

Share this Article
CATEGORIES