Գաղութէ-Գաղութ

Պուէնոս Այրես

Չորեքշաբթի, ապրիլ 24-ի երեկոյեան, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի հայութիւնը ընդառաջեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի առիթով համայնքի երիտասարդական միութիւններու նախաձեռնութեան` քայլարշաւ մը դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Այսպէս, հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Պուէնոս Այրեսի Իրաւաբանութեան պետական համալսարանի մուտքին, ուրկէ ջահերով,  պաստառներով եւ դրօշակներով ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն, մինչ երիտասարդները բարձրախօսներով կ՛արտայայտէին պահանջատիրական կարգախօսներ:

Թափօրը, ոստիկանութեամբ շրջապատուած, դեսպանատան առջեւ հասնելով, տեղւոյն վրայ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` յիշատակելով 1915-1923 թուականներուն Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակները:

 

 

 

 

 

 

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջուեցաւ ճանաչում` իր գործադրած ոճիրին եւ հատուցում` հայ ազգի իրաւունքներուն:

 

 

 

 

 

 

 

Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Ատոլֆօ Փերես Էսքիվել ողջոյնի գրութիւն մը ուղարկած էր ներկաներուն` ցաւ յայտնելով որ կամքէ անկախ պատճառներով բացակայ կը գտնուէր սոյն ձեռնարկին, նշելով, թէ «ապրիլ 24-ը խտրականութեան ու անպատժելիութեան դէմ պայքարելու թուական մըն է, թուրքերը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան պատճառ դարձած էին, այլ նաեւ` սարսափելի այլ ոճիրներու»: Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ Փերես Էսքիվել կը յայտնէր. «Լրջօրէն կը զօրակցիմ ձեր պայքարին: Ու թէեւ ցաւ ի սիրտ այսօր չկրցայ ձեր մօտ ըլլալ, հաւատացէք որ իմ սիրտս ձեզի հետ է»:

Share this Article
CATEGORIES