Ոչ Եւս Է Ֆրանսական Բանակի Հայազգի Զօրավար Րաֆֆի Սարգիս Եկաւեանը

Մ. Է.     

Կիրակի, 14 ապրիլ 2013-ին Ֆրանսայի Նիս քաղաքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Ֆրանսական բանակի հայազգի զօրավար Րաֆֆի Սարգիս Եկաւեանը:

Ան ծնած էր Հալէպ, 1935-ին, եւ յաճախած` տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանը, ուսուցիչ ունենալով հանրայայտ դաստիարակ եւ մտաւորական  Եփրեմ վրդ. Ղազարեանը, որուն հետ իր յարաբերութիւնը շարունակեց պահել մինչեւ վարդապետին  վախճանումը:

1950-ին ծնողներուն հետ կը հաստատուի Ֆրանսա եւ կը հետեւի զինուորական կրթութեան` մասնագիտանալով իբրեւ անկարգելաւոր, իր քաջ եւ կարգապահ նկարագրին շնորհիւ կը հասնի այս զօրաբաժնի հրամանատար-զօրավարի պաշտօնին:

Թաղմանական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նիսի մէջ, երկուշաբթի, 22 ապրիլին, զինուորական յատուկ պատիւներով, Ֆրանսական բանակի տարբեր զօրաբաժիններու չորս զօրավարներ իրենց դամբանականներուն մէջ դրուատիքով արտայայտուեցան հանգուցեալին զինուորական արժանիքներուն մասին, որուն շնորհիւ ծառայութեան տարիներուն ստացած էր բանակային հինգ շքանշաններ:

Ֆրանսական զինուորական շրջանակներու հանրածանօթ ՐԱՖՖԻ անունը փոխելու առաջարկները մնացած են ապարդիւն , ան մայր հայրենիք այցելած է 1992-ին, անկախութեան վաղորդայնին եւ տրամադրութիւն յայտնած` իր գիտելիքները ի սպաս դնել Արցախի գոյապայքարին:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Գարեգին Նժդեհ» զինուորական շքանշանով, այս տարուան փետրուարին   հրաւիրուած էր հայկական բանակի հիմնադրութեան հանդիսութեանց հայազգի սփիւռքահայ այլ զինուորականներու շարքին, սակայն անողոք հիւանդութեան պատճառով չկարողացաւ ներկայ ըլլալ իրեն համար այնքան սիրելի բանակի տօնախմբութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )