12-28 Յունիս 2015-ին. Եւրոպայի Առաջին Ողիմպիական Խաղերը` Պաքուի Մէջ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի առաջին ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 12-28 յունիս 2015-ին` Պաքուի մէջ:
nterfax.by կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ այս լուրը յայտարարած է Ազրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը` Ազատ Ռաճիմով:
Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէն կը նախատեսէ, որ շուրջ 6351 երկսեռ մարզիկներ, 19 տարբեր մարզաձեւերուն մէջ, ելոյթ ունենան այս ողիմպիական խաղերուն:
CATEGORIES Մարզական

