«Չեմփիընզ Լիկ». Զուտ Գերմանական Աւարտական Յառաջիկայ 25 Մայիսին` «Ուեմպլի»-ի Մէջ

Գերմանական ֆութպոլը եկաւ ինքզինք պարտադրելու այս տարեշրջանին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ անոր աւարտականը պիտի ըլլայ զուտ գերմանական, երբ յառաջիկայ 25 մայիսին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ ճակատին Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ:

Կը կարծուէր, որ Սպանիոյ երկու հսկաները` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, իրենք պիտի ըլլան աւարտականի հասնողը, սակայն վերոնշեալ երկուքը իրենց վրայ դրուած յոյսերը չկրցան արդարացնել:

Ռէալ Մատրիտ, որ երթին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Պորուսիա Տորթմունտէն, թէեւ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Անոր հետեւեցաւ նաեւ Պարսելոնա, որ մրցաշարքին հրաժեշտ տուաւ քիչ մը ամօթալի ձեւով:

Պարսա, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, դարձին իր դաշտին վրայ կրեց այլ պարտութիւն մըն ալ` 3-0 արդիւնքով, Պայէրն Միւնիխէն:

Մինչ Պարսելոնայէն կը բացակայէր Լիոնել Մեսսի, Պայէրն յաջողեցաւ վերջին չորս տարիներուն երրորդ անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտականին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )