Դամասկոսի Մէջ Երիտասարդական Հսկում

23 ապրիլ 2013-ին Դամասկոսի մէջ «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման երիտասարդական հսկումի երեկոյ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի ՍԵՄ-ի եւ Պատանեկան միութեան, ներկայութեամբ միութիւններու անդամներուն եւ բազմաթիւ դամասկահայերու:

Հսկումի երեկոն սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, եւ ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի թմբկահարներուն յուզիչ եղանակին ընկերակցութեամբ սկաուտներ ծաղիկներ դրին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին առջեւ:

ՍԵՄ-ի խօսքը հայերէնով փոխանցեց Սուրիոյ երիտասարդական միութեան ատենապետ Լեւոն Քէշիշեան, որ երիտասարդութեան անունով պահանջեց ճանաչում, ապա հատուցում, նշելով, որ ճանաչումը ինքնին բաւարար չէ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւնները հանգստացնելու Տէր Զօրի անապատներու հողին տակ: Ան ըսաւ. «Հայ դատի կենսունակութեան գիտակցութիւնը, պայքարելու կամքը եւ աշխատանքի կազմակերպութիւնն են մեր նպատակի իրականացման բանալիները»:

Ապա Րաֆֆի Պեքերեճեան ՍԵՄ-ի խօսքը արաբերէնով փոխանցեց` նշելով ապրիլեան խորհուրդը եւ նահատակներու զոհաբերութեան իմաստը, որ կը հասնի Քրիստոսի զոհաբերութեան, հաստատելով, որ աննկուն կամքով երթը պիտի շարունակուի, զոհերու յիշատակը վառ պահելու խոստումով:

Հանդիսավարութիւնը և լոզունգներու ընթերցումը կը կատարէր Լուսին Տեմիրճեան: Իսկ գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին. Արազ Պրունսուզեան եւ Ցոլեր Քիւրտեան (ՀՄԸՄ) Ուիլիըմ Սարոյեանի հայերէն եւ անգլերէն ասմունքով, նուագներով մասնակցեցան Գառնի Այարեան (ՊՄ)` «Գնդակ որոտաց» եւ կիթառի վրայ Յովիկ Այարեան «Զարդիր որդեակ» (ՀՄԸՄ), իսկ ջութակի վրայ Սէրլի Պրունսուզեան (ՀՄԸՄ)` Արամ Խաչատուրեանի «Նոկտուրն», իսկ ասմունքով ներկայացաւ Սարին Քաթքլեան (ՊՄ)` «Հայու ճակատագիր» կտորը, եւ Րաֆֆի Պեքերեճեան (ՍԵՄ)` «Արարատ» բանաստեղծութիւնը արաբերէնով:

Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Նորա Արիսեան, որ շեշտը դրաւ «ցեղասպանութիւն» եզրին վրայ` բացատրութիւն տալով, թէ ցեղասպանութիւնը ջարդ կամ եղեռն չէ: Արիսեան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրաւական թղթածրարին, միջազգային օրէնքի հիման վրայ հատուցումներ պահանջելու հրամայականին:

Եզրափակելով` Արիսեան խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն եւ զանոնք հրաւիրեց միշտ «ներկայ» եւ պատրաստ գտնուելու իրենց պարտականութիւնը ամենայն նուիրումով եւ յանձնառութեամբ կատարելու, եւ ըսաւ. «Եթէ այս տարի այս բակին մէջ ոգեկոչեցինք 98-ամեակը ու չկրցանք Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ խունկ ու մոմ վառել, 2015-ին Տէր Զօրի մէջ պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը»:

Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան» թանգարանի փոխտեսուչ Պարոյր աբղ. Շերնէզեան, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. հայրապետին, փոխանցեց հայրապետական ողջոյններն ու օրհնութիւնը դամասկահայութեան, միաժամանակ գնահատեց երիտասարդներուն ոգեւորութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը:

Ապա Պարոյր աբղ. Շերնէզեանը «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը:

Share this Article
CATEGORIES