Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նոր Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նոր ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալըխը: Յայտնենք, որ շուրջ մէկ ամիս առաջ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովի ընթացքին, դոկտ. Ժալըխ ընտրուած էր ընդհանուր քարտուղար` յաջորդելով դոկտ. Փոլ Ռուհաննային: Փոլ Ռուհաննան եպիսկոպոսացման պատճառով հրաժարած էր ընդհանուր քարտուղարի իր պաշտօնէն:
Արամ Ա. կաթողիկոս` իբրեւ նախագահներէն մէկը խորհուրդին, լայն բացատրութիւններ տուաւ ընդհանուր քարտուղարին` պարզելով խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները: Ան յատկապէս շեշտեց միջեկեղեցական միութիւնը եւ գործակցութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը:

