Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թաներ Աքչամը
Հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ եւ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Թաներ Աքչամ: Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադարձ կատարելու Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն: Թաներ Աքչամ, որ նախապէս երկու առիթներով այցելած էր Անթիլիաս, ողջունեց վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով եւ յատկապէս վեհափառին դրած շեշտը իրաւական մարզին վրայ:
CATEGORIES Գաղութային

