Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է
Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, որ նախանցեալ օր դարձեալ Հալէպի մէջ արձանագրուած է հայ զոհ մը` 1956-ի ծնունդ Րաֆֆի Տաղլեան:
Ան զոհ գացած է քաղաք մտած ատեն` Ռաշիտին շրջանին մէջ ճամբուն վրայ ստացած փամփուշտի մը պատճառով:
CATEGORIES Գաղութային

