Ըստ «Իսրայէլ Տիֆենս»-Ի Հայֆայի Վերեւ Վար Առնուած Սարքը Ռուսական Նաւէ Մը Թռիչք Առած Է
«Իսրայէլ Տիֆենս» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացիներուն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի հերքումին հաւատալէն ետք, հաւանական է, որ Հայֆայի վերեւ վար առնուած առանց օդաչուի թռչող սարքը կը նմանի ռուսական արտադրութեամբ նմանօրինակ սարքերու եւ մարտավարական նպատակներու կը ծառայէ` աւելցնելով, որ «ռուսերը ունին այդ տիպի երկու սարքեր, որոնք միջին հասողութիւն ունին եւ «Տեպորա» եւ «Թուսֆա» կը կոչուին»:
Թել Աւիւի մէջ գոյութիւն ունի այն տեսակէտը, որ ռուսական սարքի Իսրայէլի վերեւ թռիչքը պատասխան մըն էր սուրիական Թարթուս քաղաքին մօտ ծովափին վրայ յայտնաբերուած եւ քաղաքին մէջ գտնուող ռուսական ուժերը լրտեսելու յատկացուած սարքի զետեղման:
CATEGORIES Միջազգային

