Թուրքեր Դէպի Սուրիական Գաղթակայաններ Քայլարշաւ Կատարելով Կը Բողոքեն Աքչաքալէի Բախումներուն Դէմ
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ խումբ մը թուրք քաղաքացիներ թրքական դրօշներ բարձրացուցած եւ կարգախօսներ բացագանչելով Սուրիոյ հետ Աքչաքալէ սահմանային անցքին վրայ հինգշաբթի օր թուրք ոստիկանի մը կեանքը խլած բախումներէն ետք բողոքի ցոյց մը կատարած են:
Շուրջ 500 թուրքեր քայլարշաւ կատարած են դէպի Սիւլէյմանշահ ճամբար, ուր պատսպարուած են 35 հազար սուրիացի գաղթականներ: Թրքական ոստիկանութիւնը միջամտած է եւ ցուցարարները խաղաղ կերպով ցրուուած են: Հեռաձայնի անծանօթ թիւ մը նաեւ շրջանի բնակչութեան պատգամներ ուղղած է` կոչ ուղղելով գրգռութենէ հեռու մնալու:
Յիշեցնենք, որ խումբ մը սուրիացի գաղթականներ հինգշաբթի օր Աքչաքալէ սահմանային անցքին վրայ բախում ունեցած էին թրքական ապահովական ուժերու հետ, երբ վերջիններս արգելք հանդիսացած էին, որ անոնք սահմանը կտրեն: Թուրք ոստիկան մը սպաննուած էր, իսկ երկու այլ ոստիկաններ, հինգ զինուորներ եւ չորս քաղաքայիններ վիրաւորուած էին:
Թուրքիոյ վարչապետութեան մէջ արտակարգ դրութեանց եւ աղէտի հարցերով վարչութիւնը երէկ յայտարարեց, որ թրքական գաղթակայաններուն մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը 192,800 է` նշելով, որ 106,505 սուրիացիներ իրենց երկիրը վերադարձած են:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այդ գաղթակայանները 8 նահանգներու մէջ տարածուած են. Ալեքսանտրէթի մէջ` 5 գաղթակայաններ, Ուրֆայի մէջ` 2, Այնթապի մէջ` 3, իսկ Մարաշի, Օսմանիյէի, Ատիամանի եւ Ատանայի մէջ մէկական գաղթակայան: 28,213 սուրիացի աշակերտներ կ՛ուսանին թրքական 437 դասարաններու մէջ, իսկ գաղթակայաններուն մէջ 3166 ծննդաբերութիւն տեղի ունեցած է:
Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումին փաստուելուն պարագային Դամասկոսի մէջ սերպական դիպաշարի կրկնութիւնը հաւանական կը դառնայ:
Դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին ռուսերուն պիտի ներկայացնէ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման փաստեր:
Ռուսական արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք Քերրիի այցելութեան մեծ յոյսեր չեն կապեր: Անոնք նաեւ նշեցին, որ Թուրքիա սուրիական հարցին մէջ ուղղակի միջամտութենէն ետդարձ կատարած է, որովհետեւ թուրքերը գիտակցած են, որ կրնան Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութեան մը զոհը ըլլալ:

