«Իսրայէլի Հետ Հողատարածքներու Փոխանակման Վերաբերեալ Արաբական Լիկայի Նախաձեռնութիւնը Դրական Զարգացում Է» Կ՛ըսէ Լիվնի

Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի յայտնեց, որ «բանակցութեանց վերսկսումը իսրայէլեան, պաղեստինեան եւ միջազգային շահերուն կը համապատասխանէ»:

Ան ընդգծեց, որ «Իսրայէլի հետ հողատարածքներու հաւանական փոխանակման շուրջ Արաբական լիկայի նոր նախաձեռնութիւնը դրական զարգացում է»:

Լիվնի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ողջունեց խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու ջանքին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի մեծ նախանձախնդրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )