Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախ դարձնողները Լիբանանի դէմ բռնարարքներ կը գործեն:

ՀԱՐԵԹ Հրէյքի մէջ հրկիզուած է բնակարան մը, որուն պատճառով մահացած են հայրն ու որդին, իսկ կինն ու երկու դուստրերը փոխադրուած են հիւանդանոց:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Նիկերիոյ Լակոս շրջանին մէջ լիբանանցի կին մը առեւանգուած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է ներկայացուին կառավարութեան մէջ` ըստ խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայացուցչութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ տարակարծութիւններ ունին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան իրենց մասնակցութիւնը կախեալ է կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը ունենալէ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի յատուկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնած են, թէ շաբաթ մը ետք կառավարութեան առումով նորութիւններ կարելի է շօշափել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի անորոշութիւն` նկատի ունենալով, որ ընտրական օրէնքի եւ կառավարութեան կազմութեան առումով համաձայնութիւններ կարելի պիտի չըլլայ գոյացնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենց մտավախութիւնը այն է, որ վարչապետ Թամմամ Սալամին աշխատանքի որոշ իրաւունքներ տրուած ըլլայ եւ ոչ թէ կատարեալ ազատութեամբ կարենայ շարժիլ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կարելի չէ մօտիկ ապագային Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մօտ տիրող քաոսային իրավիճակը կը սպառնայ հիւսիսային Լիբանանի մէջ հարցեր ստեղծել:

«ՔԱՊԱՍ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական իշխանութիւնները գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած են` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու իմաստով գործակցելու:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանան անիշխանութեան մատնուի, որպէսզի ինք Սուրիոյ տագնապին աւելի լրջօրէն հետեւի:

ՄԱԿ-Ի աղբիւրները լուրջ մտահոգութիւններ արձանագրած են Սուրիոյ պատերազմը Լիբանան փոխանցելու գծով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի խորհրդարանը դէպի անիշխանութիւն տանիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով կարելի է դիւրացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շեշտեց, որ եթէ օրէնքը բոլորին պարագային հաւասարապէս չգործէ, ապա անիկա կը դառնայ սադրանքի նախագիծ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )