Երիտասարդական Ոսպնեակ. Իր Յաղթերգին Սպասող Յուշարձանը (6 Մայիս 1916)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Բնականաբար, Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին մասին է խօսքը, որուն պաշտպանութեան եւ արժեւորման լծուած են հայրենասէր փաղանգներ թէ տիպար քաղաքացիներ:
Թէ ինչո՛ւ նման մատնանշում կը կատարուի, յայտնապէս այս օրերուն, պարզապէս բացայայտելու համար իրողութիւն մը, թէ արդեօք, այսպէս ասած տարբերակումնե՞ր պէտք է ըլլան, եւ կամ մեկնաբանումնե՞ր ամէն պատեհ առիթի, որպէսզի ժողովրդավարութիւն հասկացողութեան հմայքը ապրինք հաւաքաբար, թէկուզ նահատակներու արեան թէ ազգային արժէքներու ոտնակոխման հաշուոյն:
Աւանդաբար, ժողովուրդներու կեանքին մէջ, երբ դէմքի մը, դէպքի թէ պատմական որոշակի եղելութեան հետ առնչուած որեւէ հաստատում, արժեւորում կամ նախաձեռնութիւն կը կատարուի, ատիկա չի կրնար ժամանակի թաւալքին հետ նաեւ ազդեցութիւններու ենթակայ եւ կամ իմաստազրկումի թիրախ դառնալ` յաչս քաղաքական թէ տնտեսական ապաբարոյ ու սին նկատառումներու:
Զարմանալին այն է, գէթ լիբանանցի ժողովուրդին պարագային, որ, հակառակ անոր իր մայրաքաղաքի սրտին կանգնեցուած յուշակոթողին գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւնը կ՛ապրի, սակայն միշտ չէ, որ անոր խորհուրդին եւ իմաստին ամբողջական հասկացողութիւններուն տէր կը կանգնի, հաւաքական յիշողութեան թէ պատմական իրողութիւններու հրայրքին ընդառաջ` իր ներկայի թէ ապագայի ընելիքներուն մասին որոշակի պատկերացումներ կը սնուցանէ` հայրենակերտումի թէ պետականաշինութեան գործընթացի որդեգրման հեռանկարով:
Նոյն հետեւութեամբ կարելի է նաեւ հաստատել, որ ժողովուրդներ այդքան ալ դիւրաւ նուաճելի չեն, թէեւ փորձեր կը կատարուին անոնց հայրենիքը քանդելու, ազգային պատմութիւնը թէ հաւաքական յիշողութիւնը աղաւաղելու եւ արժէքները ոչնչացնելու:
Սակայն, աշխարհաքաղաքական ներկայ համակարգի թաքուն թէ բացայայտ ռազմավարական գործընթացները, հակառակ փաստը կու տան, այնքան մը ահեղ եւ անկասելի տարողութեամբ, որ ազգերն անգամ իրենց պետականութեամբ կը տատանին ու կը յօշոտուին նման խօլ հոսանքներու թէ աշխարհաքանդ յորձանուտերու դիմաց:
Իսկ Լիբանանի թէ անոր վերջին հարիւրամեայ պատմութեան թաւալքը շատ աւելին կ՛ուսուցանէ, երբ Օսմանեան թրքութեան գործած ջարդերուն թէ գաղութարար հակազգային վերաբերումներուն լաւապէս ծանօթ նոյնինքն լիբանանցին, պէս-պէս հաշուարկներու թէ քաղաքական տարբեր ենթակայութիւններու յանձնուած` արդէն տակաւ մոռացութեան դէմ յանդիման, ցոյց կու տայ նաեւ ուրացումի դիպաշարեր, նախնեաց տառապանքին ու ահաւոր չարչարանքին հանդէպ խուլ ու կոյր կեցուածքի ընդմէջէն:
Եւ հոս է, որ երկու ժողովուրդներու հասարակաց անցեալի թշնամին` այս պարագային զազիր թուրքը, կը ներկայացուի իբրեւ բարեգութ եւ կարեկցանքով լիառատ բարեմասնութեան տէր, հակառակ անոր ցուցաբերած աշխարհաքաղաքական թշնամական վարքագծին:
Ճիշդ է, որ անցեալի դէպքերն ու իրադարձութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան ժողովուրդի մը յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման, բարօր ու անվտանգ կեանքի մը ձեւաւորման, այդուհանդերձ, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, ազգերու եւ հայրենիքներու ապահով ու անարգել գոյատեւումը բացառապէս կախեալ է տուեալ ժողովուրդի մը քաղաքական հասունութենէն, ազգային ըմբռնումներուն կառչածութենէն, մանաւա՛նդ անցեալի խոր իմացութեան, ինքնաճանաչողական մակարդակէն եւ հայրենասիրական զգացողութեան վառ դրսեւորումներէն:
Միւս կողմէ, բարեբախտաբար, գոյութիւն ունին, կ՛ապրին ու կը ստեղծագործեն յատկապէս լիբանանցի մտածողներ, լրագրողներ, վերլուծաբաններ թէ արուեստագէտներ, որոնք ամէն քայլափոխի եւ քաջաբար կը յայտնեն իրենց կեցուածքներն ու դատողութիւնները` Թուրքիոյ անցեալի թէ ներկայի ստապատիր քաղաքական կողմնորոշումներուն նկատմամբ:
Այս առումով լիբանանահայութիւնը պարտաւոր է քայլ մը անդին անցնելու, իր քաղաքական կեանքին տալու է արժանահաւատ կեցուածքի մը արտայայտութիւնը, պարզապէս յեղաշրջելու առկայ եւ վաղեմի ժամանակներէն ի գործ դրուած աշխատանքային դրոյթները, աւելի համարձակ եւ ուժական ներկայութեամբ փաստարկելու թրքական թափանցումներու հեռակայ անդրադարձն ու հետեւանքային տարողութիւնը:
Կրկնութեան գնով յիշեցնենք, միթէ ժամանակը չէ՞ հասած ունենալու այն կառոյցն ու ուսումնասիրական հաստատութիւնը, որ կեանքի պէտք է կոչուի ամբողջ լիբանանահայութեան նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ, եւ որուն անմիջական աշխատանքի դաշտը պիտի ընդգրկէ թրքութեան խեղաթիւրուած քարոզչութիւններուն դէմ դնելու կարողականութիւն եւ համակարգուած գործունէութեան ծաւալումը:
Փաստօրէն, լիբանանահայութիւնը ապրիլեան ոգեկոչումներու թէ քայլարշաւներու ընդմէջէն իր ցասումն ու ընդվզումը կ՛արտայայտէ եւ եզակի օրինակը կը հանդիսանայ ո՛չ միայն իր իրաւունքներու պաշտպանութեան թէ հաւաքական յիշողութեան վառ պահպանման համար, այլ նաեւ` համաքաղաքացի հասարակութեան մօտ ստեղծելու այն յարգանքն ու պատկառանքը, թէ ժողովուրդներ պարտաւոր են իրենց անցեալի պատմութեան տիրութիւն ընել եւ անով հունաւորել ներկայ թէ ապագայի կեանքը:
Այս առումով դիպուկ են լիբանանցի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, փորձագէտներու թէ լրագրողներու այն հաստատումները` ի տես լիբանանահայութեան կատարած վերջին քայլարշաւին` դէպի Պէյրութի Նահատակաց յուշարձան, թէ` «լիբանանցին շատ դասեր ունի քաղելիք լիբանանահայութենէն, որուն մէկ վճռական ու քաղաքակիրթ արտայայտութեան մենք ականատես եղանք ապրիլ 24-ին:
Անոնք նաեւ միաբերան նշեցին, թէ` «լիբանանահայութիւնը կառչած է իր իրաւունքներուն եւ պատմութեան, եւ անգամ մը եւս եկաւ մեզի` լիբանանցիներուս յիշեցնելու, թէ Նահատակաց յուշարձանը սոսկ քարեղէն կառոյց մը չէ, այլ այն մեծագոյն յուշարարը, որուն շուրջ պէտք է բոլորուինք` յանուն իրաւ ազատութեան ու անկախութեան»:
Եթէ երբեք ուզենք միանգամայն ամրագրել այն, թէ Լիբանանի փրկութիւնն ու անկաշկանդ յառաջընթացը մէկ կողմէ կախեալ է շրջակայ երկիրներու քաղաքական ու ապահովական իրավիճակէն, ապա անխուսափելի է այն իրողութիւնը, թէ` այնքան ատեն որ լիբանանցին չի կրնար ձերբազատիլ վաղեմի ստրկամտութենէն, քաղաքական ենթակայութեան ու մանաւանդ անհատի գերակայութեան բարդոյթներէն, հաճոյամոլ եւ խենեշ քաղաքացիական վարքագիծերէն, դժուար թէ կարենայ իր քաղաքական կողմնորոշումներուն եւ հայրենակերտի մօտեցումներուն մէջ յաջողութիւն արձանագրել:
Իսկ նման առողջ ու պայծառ մտածողութեան զարգացման համար աւելի քան էական է ստեղծել Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանի համազգային յաղթերգը, որ անդադար պիտի ղօղանջէ բոլորի սրտին ու մտքին մէջ:

