Հըզպալլա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Սրբավայրերուն Դէմ Գործուած Սրբապղծութիւններուն Առնչութեամբ
Հըզպալլայի կողմէ երէկ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ցաւ յայտնուեցաւ այն լուրերուն համար, որոնց համաձայն ահաբեկիչներ սրբապղծած են Մեծն Սուհապի Հաժար պըն Օտայ Քանատիի գերեզմանը, որ կը գտնուի Դամասկոսի մօտ` Ատրա շրջանին մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ իրականացած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտայայտած մտահոգութիւնը, որ ուղղակի կը վերաբերէր Սուրիոյ տարբեր սրբավայրերուն սրբապղծութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մեծն Սուհապի Հաժար պըն Օտայ Քանատիի շիրիմը իսլամներուն համար կարեւոր ուխտատեղի մըն է եւ խստիւ մերժելի է ու դատապարտելի անոր սրբապղծութիւնը, որ ինքնին ահաբեկչական մտայնութեան արտայայտութիւնն է, որուն համաձայն, իսլամ թէ քրիստոնեայ սրբավայրերը իմաստ մը չեն ներկայացներ:
Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ հարց տրուեցաւ սուրիական ընդդիմութեան, թէ ո՞ւր է այն ընդդիմութիւնը, որ խոստացած էր պաշտպանել Սուրիոյ բոլոր սրբավայրերը եւ չ՛արտօներ, որ մարդ դպչի անոնց:
Հըզպալլա մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ սրբավայրերուն դէմ գործուած սրբապղծութիւններուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները, որպէսզի անոնք եւս քստմնելի այդ արարքին մեղսակից չնկատուին եւ արգիլեն այդ սրբապղծութիւնները, որոնք կը սպառնան սադրանքներ նախապատրաստել:

